Պըրրի Փաքիստանի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Լիբանանի Եւ Շրջանի Կացութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Փաքիստանի դեսպան Սալման Աթհարը:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ընդհանուր կացութեան ու քաղաքական զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Փաքիստանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն:

Խորհրդարանի նախագահը նաեւ ընդունեց սէյիտ Ալի Ֆատլալլան եւ անոր հետ քննարկեց ընդհանուր կացութիւնը, քաղաքական ու դաշտային զարգացումները, ինչպէս նաեւ ազգային հարցեր:

Պըրրի նաեւ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի նախկին դեսպան Ապտելալ Քինահին:

 

 

Leave a Comment