Գէորգի Յարութիւնեան Կոլ Մը Եւս Նշանակեց

Փուշքաշ Ակադեմիան Հունգարիոյ ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն 2-1 արդիւնքով պատութիւն կրեց Ֆերենցվարոշէն, սակայն մնաց դասաւորման առաջին դիրքին վրայ:

Հայաստանի ազգային խումբի յետսապահ Գէորգի Յարութիւնեան հիմնական կազմին հետ սկսաւ մրցումը: 58-րդ վայրկեանին հայ ֆութպոլիստը գրաւեց Ֆերենցվարոշի բերդը` նշանակելով հաւասարութեան կոլը: Այս կոլը Յարութիւնեանի երկրորդ կոլն էր այս տարեշրջանին:

Սակայն 63-րդ վայրկեանին Ֆերենցվարոշ կրցաւ նշանակել 2-րդ կոլը: 92-րդ վայրկեանին Փուշքաշ Ակադեմիան կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը, սակայն ՎԱՐ-ի միջամտութենէն ետք կոլը չվաւերացուեցաւ:

Յարութիւնեան մրցումի աւարտին ստացաւ 7-6 կէտ եւ խումբերու առաւելագոյն 2-րդ նիշը ստացաւ: 21 տարեկան Յարութիւնեան շատ փայլուն ելոյթ ունեցաւ:

 

 

Leave a Comment