Զ. Գ. Ղ.

Այնճարի մէջ այս ամրան Մեծարենցեան մշակութային երեկոներու երրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ կիրակի, 9 օգոստոս 2026-ին, Ղարիպեաններու «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ:
Ձեռնարկը նուիրուած էր հայ լուսանկարչութեան ստեղծագործութեան պատմութեան:
Օրուան դասախօսն էր Հրաչ Թոքաթլեան, որ Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանէն (USJ) շարժապատկերի ուսումնասիրութեան դոկտորայի աստիճան ստացած, իսկ այժմ նոյն համալսարանի մէջ լուսանկարչութեան եւ ժապաւէններու պատրաստութեան դասախօս փրոֆեսէօր է:
Հանդիսավար Զաւէն Ղարիպեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան դասախօսը եւ հրաւիրեց զայն իր խօսքը արտասանելու:
Հրաչ Թոքաթլեան իր դասախօսութիւնը սկսաւ հայ լուսանկարիչ Սելիմ Սայաք Թապրիզիի ծագման ու կենսագրութեան պատմութիւնը ներկայացնելով: Ան ըսաւ, որ Սելիմ Սայաք Թապրիզի` հայկական անունով` Յարութիւն Շենլուքեան, ծնած է 1890-ին, Տիգրանակերտ: Ան տեղեկացուց, որ Սելիմ Սայաք Թապրիզիին վերագրուող լուսանկարչութեան բացառիկ հաւաքածոյ մը յայտնաբերուած է:
Դասախօսը հաւաքածոն ներկայացուց ոչ միայն իբրեւ լուսանկարներու ամբողջութիւն, այլ նաեւ` իբրեւ կարեւոր պատմական եւ մշակութային վկայութիւն մը, որ նոր հեռանկարներ կը բանար Սուրիոյ մէջ հայերու ներկայութեան եւ մասնաւորաբար քսաներորդ դարու առաջին տասնամեակներուն, Ճապալ Տրուզի շրջանի հայ համայքին պատմութեան գծով:
Յարութիւն Շենլուքեան Սելիմ Թապրիզիի պարսկական անունը որդեգրած է օսմանեան բանակի մէջ զինուորական ծառայութենէ խուսափելու նպատակով: Իր կեանքը խորապէս դրոշմուած էր այդ ժամանակաշրջանի պատմական իրագործութիւններով: Ան ականատես եղած է Լիբանանի Մեծ սովին եւ իր զաւակներուն պատմած է, թէ ինչպէ՛ս թուրք ժանտարմաներ սայլերով կը տեղափոխէին դիակներ:
Դասախօսը դիտել տուաւ, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմին եւ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով տեղի ունեցած աւերումներէն եւ տեղահանութիւններէն ետք, Թապրիզի ընտանիքին ապրուստը ապահովելու համար զանազան աշխատանքներ կատարած է: Իր մասնագիտական ուղին ի վերջոյ զինք առաջնորդած էր դէպի լուսանկարչութիւն: Ան այս արհեստը սորված է Յարութիւն Տէր Յակոբեանէն` Ատանայէն հայ մը, որ Ռայաքի Պեքայի հովիտին մէջ հիմնած էր «Ֆոթօ Լումիէր» լուսանկարչատունը:
Այնուհետեւ Թապրիզի տեղափոխուած է Դամասկոս, ուր նախ աշխատած էր իբրեւ «Ա լա մինիւթ» լուսանկարիչ` յաճախորդներուն համար արագօրէն լուսանկարներ պատրաստելով: 1927-ին ան հիմնած էր իր սեփական լուսանկարչատունը եւ սկսած է աշխատիլ չոր ապակիներու (dry plate) գործածութեամբ, մասնագիտական լուսանկարչական գործընթաց մը, որ աւելի մեծ ճկունութիւն եւ շարժունակութիւն կ՛ընձեռէր նախորդ թաց ապակիի մեթոտներուն համեմատութեամբ:
Թոքաթլեան դասախօսութեան ընթացքին Թապրիզիի աշխատանքը զետեղեց Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ լուսանկարչութեան աւելի լայն պատմութեան շրջանակին մէջ: Ան շեշտեց հայ լուսանկարիչներուն կարեւոր դերը շրջանին մէջ լուսանկարչութեան զարգացման մէջ եւ անդրադարձաւ լուսանկարչական գիտելիքներու ու մասնագիտական գործելակերպերու փոխանցման` Ցեղասպանութիւնը ապրած սերունդէն դէպի այն վերապրողները, որոնք իրենց կեանքը վերակառուցեցին Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներու մէջ:
Այս իմաստով լուսանկարչութիւնը կը ներկայանայ ոչ միայն իբրեւ մասնագիտական գործունէութիւն, այլ նաեւ` իբրեւ մշակութային շարունակականութեան ձեւ մը: Ցեղասպանութենէն վերապրած լուսանկարիչները իրենց հետ տարած էին` մասնագիտական գիտելիքներ, արհեստագիտական հմտութիւններ, տեսողական աւանդութիւններ եւ մասնագիտական կապեր, որոնք հետագային նպաստեցին Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի այլ երկիրներու մէջ լուսանկարչատուներու զարգացման:
Այս համածիրին մէջ Թապրիզիի հաւաքածոն կարեւոր օրինակ մը կը ներկայացնէ օսմանեան շրջանի հայ լուսանկարչական մշակոյթի եւ յետօսմանեան Սուրիոյ մէջ հայ վերապրողներու կողմէ զարգացած լուսանկարչական գործելակերպերու շարունակականութեան:
Թոքաթլեան այս պատմութեան մէջ նաեւ անձնական երանգ մը մտցուց` ներկայացնելով իր մեծ հօր` Հայկազուն Թոքաթլեանի լուսանկարը: Վերջինս Կապադովկիոյ Նիկտէ քաղաքէն գաղթական մը եղած էր եւ պատերազմի աւարտին մօտ փորձած էր վերադառնալ իր հայրենի քաղաքը, ապա վերջնականապէս հաստատուած էր Դամասկոս: Անոր ցոյց տուած լուսանկարը ուղղակի կապ մը կը հաստատէր Թոքաթլեանի ընտանիքի պատմութեան եւ Սելիմ Թապրիզիի լուսանկարչական գործունէութեան միջեւ:
Դասախօսութեան ուրիշ կարեւոր բաժին մը կը վերաբերէր այն հանգամանքներուն, որոնց շնորհիւ Թոքաթլեան հասանելիութիւն ստացած էր լուսանկարչական նիւթերուն: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք ինչպէ՛ս կարելի եղած էր հաւաքածոն վերագտնել եւ սկսած էր ուսումնասիրել երկար ժամանակ, գրեթէ անծանօթ եւ անբաւարար կերպով փաստագրուած մնացած նիւթերը:
Թոքաթլեան այս փորձառութիւնը օգտագործեց աւելի ընդարձակ հարց մը բարձրացնելու համար` թաքնուած, ցրուած եւ կորսուած արխիւներու: Պատմական լուսանկարչական բազմաթիւ հաւաքածոներ տակաւին կը գտնուին տուներու, ընտանեկան արխիւներու, լուսանկարչատուներու, պահեստներու կամ հաստատութիւններու մէջ` առանց համապատասխան դասակարգման կամ պահպանման: Անոնց պատմական եւ գեղարուեստական նշանակութիւնը յաճախ կը թերագնահատուի մինչեւ անոնց վերայայտնաբերումը:
Այս իմաստով Թապրիզիի հաւաքածոն կը դառնայ լուսանկարչական ժառանգութեան խոցելիութեան օրինակ մը: Անոր պահպանուած ըլլալը հետազօտողներուն հնարաւորութիւն կու տայ վերականգնելու ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային պատմութեան այն բեկորները, որոնք այլապէս կրնային անհետանալ:
Թոքաթլեան վերականգնեց Թապրիզիի մասնագիտական եւ աշխարհագրական ուղեւորութեան մէկ մասը, մասնաւորաբար անոր շարժումը` դէպի Ճապալ Տրուզ, ուր ան հետեւած էր ֆրանսական զինուորական ներկայութեան եւ լուսանկարած էր շրջանի կեանքի տարբեր երեսները:
Հաւաքածոն կը պարունակէ պատկերներու քանի մը տարբեր խումբեր: Թոքաթլեան առանձնացուց լուսանկարներու հինգ հիմնական տեսակներ, որոնք միասին լուսարձակի տակ կը բերեն Թապրիզիի լուսանկարչական գործունէութեան բազմազանութիւնը:
1.- Հայ համայնքի լուսանկարներ` անհատներու, ընտանիքներու, հաստատութիւններու եւ ընկերային կեանքի փաստագրումով:
2.- Մահացածներու լուսանկարներ, մասնաւորապէս` հազուագիւտ եւ նշանակալից տեսակ մը, որ կը վկայէ ժամանակաշրջանի թաղմանական եւ յիշատակման սովորութիւններուն մասին:
3.- Ֆրանսական բանակի եւ լեգէոնականներու լուսանկարներ` Սուրիոյ մէջ ֆրանսական ուժերու ներկայութեան եւ գործունէութեան փաստագրումով:
4.- Լուսանկարչատան դիմանկարներ, որոնք կը ներկայացնեն Թապրիզիի մասնագիտական գործունէութիւնը եւ անոր յաճախորդները:
5.- Հնագիտական եւ բնանկարային լուսանկարներ` շրջանի վայրերու եւ տեսարժան տեղերու արձանագրութեամբ:
Լուսանկարներու այլ խումբեր կը ներառեն Տարաայի երկաթուղային կայարանին պատկերները եւ կայարանին շուրջ տեղի ունեցած պաշտօնական ընդունելութիւններն ու հաւաքները:
Հաւաքածոյին ամէնէն կարեւոր երեսներէն մէկը Ճապալ Տրուզի հայ համայնքը ներկայացնող լուսանկարներն են: Թոքաթլեան շեշտեց, որ այս լուսանկարները պէտք է ուսումնասիրել ոչ միայն իբրեւ դիմանկարներ, այլ նաեւ` իբրեւ շրջանին մէջ հայերու ներկայութեան եւ ընկերային կազմակերպուածութեան վկայութիւններ:
Լուսանկարները տեսողական վկայութիւն կը ներկայացնեն Ցեղասպանութենէն ետք հաստատուած եւ Սուրիոյ մէջ ընկերային ու մշակութային կեանքի նոր ձեւեր զարգացուցած համայնքի մը մասին: Հաւաքածոյին մէջ տեսանելի կը դառնան` դպրոցներ, ընտանիքներ, համայնքային հաւաքներ եւ այլ հաստատութիւններ:
Թոքաթլեան ընդգծեց, որ այս պատկերները կը հրաւիրեն վերանայելու Ճապալ Տրուզի հայերու պատմութիւնը, նիւթ մը, որ համեմատաբար քիչ ուսումնասիրուած կը մնայ: Այսպիսով, լուսանկարները կրնան նպաստել վերականգնման համայնքային կեանքի այն երեսներուն, զորս դժուար է վերականգնել միայն գրաւոր պատմական աղբիւրներու միջոցով:
Ներկայացման ամէնէն ուշագրաւ բաժիններէն մէկը կը վերաբերէր լուսանկարի մը, զոր Թոքաթլեան բնորոշեց իբրեւ պատմական- քաղաքական լուսանկարներու բացառիկ շարք:
Պատկերը կարծես կը համախմբէ Սուրիոյ կարեւոր քաղաքական դէմքեր.
– Ժամիլ Մարտամ պէյ, որ Սուրիոյ վարչապետը եղած է 1936-1939 թուականներուն:
– Ապտել Ռահման Շահպանտար, արաբ ազգայնականութեան կարեւոր դէմք մը:
– Սուլթան Պաշա Աթրաշ, տիւրզիական յեղափոխական նշանաւոր առաջնորդը:
Թոքաթլեանի կարծիքով, լուսանկարը կը պատկանի մօտաւորապէս 1937 թուականին, Շահպանտարի եւ Աթրաշի ազատ արձակումէն ետք: Լուսանկարը յատկապէս նշանակալից է, որովհետեւ կը փաստագրէ հանդիպում մը այնպիսի դէմքերու, որոնք ժամանակաշրջանի սուրիական քաղաքական դաշտին մէջ կը ներկայացնէին տարբեր քաղաքական, ազգային եւ համայնքային հոսանքներ:
Իր վաւերագրական արժէքէն անդին` լուսանկարը հարցեր կը բարձրացնէ ֆրանսական մանտաթի շրջանին Սուրիոյ քաղաքական յարաբերութիւններուն եւ դաշինքներուն շուրջ: Ան միաժամանակ կը ցուցադրէ լուսանկարչական արխիւներու ներուժը` բացայայտելու պատմական հանդիպումներ, որոնք կրնան անբաւարար կերպով փաստագրուած ըլլալ աւանդական գրաւոր աղբիւրներու մէջ:
Դասախօսը առ այդ դիտել տուաւ, որ այսպիսով, Թապրիզիի հաւաքածոն աւելին է, քան` լուսանկարներու ժողովածու մը: Ան տեսողական մուտք մը կը տրամադրէ Ցեղասպանութենէն ետք Սուրիոյ մէջ հայերու տեղահանութեան, վերապրումի, համայնքային կազմակերպման եւ մշակութային վերակառուցման պատմութեան:
Դասախօսութենէն ետք տեղի ունեցաւ քննարկում մասնակիցներուն հետ: Ներկաները քանի մը հարցումներ ուղղեցին ներկայացուած լուսանկարներուն վերաբերեալ: Յատկապէս ուշադրութիւն դարձուեցաւ հայկական դպրոցներու պատկերներուն, ներառեալ` Ռաս Ուլ Այնի եւ Մեզզէի հետ կապուած լուսանկարներուն:
Հարցումներուն ընդմէջէն արտացոլաց մասնակիցներուն հետաքրքրութիւնը` լուսանկարչական վկայութիւնները օգտագործելու հայկական կրթական հաստատութիւններու, համայնքային կեանքի եւ Սուրիոյ մէջ տեղահանութեան ու բնակութեան աշխարհագրութիւնը ուսումնասիրելու համար:
Հրաչ Թոքաթլեան Սելիմ Թապրիզիի լուսանկարչական հաւաքածոյի յայտնաբերումը ներկայացուց իբրեւ կարեւոր առիթ մը` վերանայելու հայ լուսանկարչութեան պատմութիւնը եւ Ցեղասպանութենէն ետք Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ հայերու ներկայութիւնը:
Թապրիզիի կենսագրութիւնը, ընտանեկան վկայութիւնը եւ լուսանկարչական գործունէութիւնը իրարու կապելով` Թոքաթլեան ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս սեփական արխիւ մը կրնայ վերածուիլ նշանակալից պատմական աղբիւրի: Լուսանկարները կը փաստագրեն ոչ միայն անհատական կեանքեր, այլ նաեւ` համայնքներ, մասնագիտական գործելակերպեր, զինուորական գործունէութիւն, բնանկարներ, քաղաքական հանդիպումներ եւ մշակութային հաստատութիւններ:
Դասախօսը ի վերջոյ շեշտեց թաքնուած լուսանկարչական արխիւները յայտնաբերելու, պահպանելու, փաստագրելու եւ ուսումնասիրելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը: Այսպիսի հաւաքածոները մշակութային ժառանգութեան խոցելի մէկ մասը կը կազմեն, մանաւանդ երբ անոնք կը մնան հաստատութենական արխիւներու սահմաններէն դուրս եւ կախեալ են ընտանիքներու ու անհատներու պահպանման հնարաւորութիւններէն:
Թապրիզիի հաւաքածոն մասնաւորապէս արժէքաւոր է, որովհետեւ ան կը միացնէ պատմութեան քանի մը շերտեր` Օսմանեան կայսրութեան հայ լուսանկարչական աւանդութիւնը, Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան փորձառութիւնը, Սուրիոյ մէջ հայ կեանքի վերակառուցումը, ֆրանսական մանտաթի շրջանի քաղաքական պատմութիւնը եւ լուսանկարչութեան զարգացումը` իբրեւ մասնագիտական ու ընկերային գործելակերպ:
Այսպիսով, Թոքաթլեանի ուսումնասիրութիւնը հնարաւորութիւն կը բանայ Միջին Արեւելքի հայ լուսանկարչական ժառանգութեան աւելի լայն վերագնահատման մը համար, մասնաւորաբար` Ճապալ Տրուզի նման շրջաններու հայ համայնքներու պատմութեան վերաքննութեան: Դասախօսութիւնը ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս լուսանկարչութիւնը կրնայ միաժամանակ ծառայել` իբրեւ պատմական վկայութիւն, ընտանեկան յիշողութիւն, արուեստի առարկայ եւ թաքնուած կամ անբաւարար ուսումնասիրուած պատմութիւններու վերականգնման միջոց:
Սելիմ Թապրիզիի պատմական եւ պատմութեան համար կարեւոր լուսանկարներ

