Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբան Հայրերը Կը Շարունակեն Համալսարանական Ուսումը

Արամ Ա. կաթողիկոս միշտ քաջալեր հանդիսացած է միաբան հայրերու համալսարանական ուսման շարունակութեան, որպէսզի դպրեվանքէն ետք անոնք ստանան մասնագիտական ուսում զանազան բնագաւառներէ ներս: Վեհափառ հայրապետը միջազգային համալսարաններու նախագահներու հետ սերտ կապեր ունենալով` յաճախ միջամտութիւններ կատարած է, որպէսզի հոգեւորականներ ստանան բարձրագոյն ուսում:

Ներկայ տարուան ընթացքին հետեւեալ միաբան հայրերը վկայուեցան աշխարհի տարածքին գտնուող զանազան համալսարաններէն` Սահակ եպս. Եմիշեան, Պարոյր ծ. վրդ. Շէրնէզեան եւ Պսակ վրդ. Թէփիրճեան. իսկ համալսարանական ուսումը կը շարունակեն` Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան, Գէորգ վրդ. Գարակէօզեան, Յակոբ վրդ. Եագուպեան, Եզրաս վրդ. Թէնէքէճեան, Արմէն վրդ. Գալաճեան եւ Աբրահամ աբղյ. Ճուլֆայեան:

Նշենք, որ այլ միաբան հայրեր եւս ստացած են համալսարանական ուսում եւ վկայական:

Leave a Comment