Սերպ պատմական մարզիկ Նովաք Ճոքովիչ իր ասպարէզի ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով «Եու. Էս. Օփըն»-ի առաջին հանգրուանին պարտութիւն կրեց:
Արդարեւ, 39 տարեկան Ճոքովիչ երեք ճակատի վրայ պայքարեցաւ` ֆիզիքական առողջական եւ արժանթինցի Մարիանօ Նավոնէի դէմ, 7-6, 5-7, 4-6, 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով զիջելով անոր:
4 ժամ 36 վայրկեաննոց ճակատումը Ճոքովիչի ասպարէզի ամէնէն երկար տեւած բացման մրցումն էր կրան շլեմի մրցաշարքերուն գծով, ուր 2006-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով առաջին հանգրուանին պարտութիւն կրեց:
24 անգամ (մրցանիշ) կրան շլեմի մրցաշարքեր շահած Ճոքովիչ առողջական հարցեր ունէր եւ երկու անգամ ալ փոխեց, եւ աւելի ուշ պրկումներ սկսաւ ունենալ, մինչ մարձող բժիշկ մը անոր կռնակի վարի մասը շփեց 4-րդ եւ 5-րդ սեթին միջեւ կարճ դադարին, երբ վիրաւորուած էր եւ ցաւ կը զգար:
Ճոքովիչ 70 ոչ ստիպողական սխալներ գործեց կիրակի կէս գիշերին տեղի ունեցած մրցումին:
«Այս տարի այս էր վիճակս` փսխել, մարմինս երբեմն կը յանձնուի կարծէք, ցաւ, պրկում: Կռնակս այլեւս ինծի չէր կարծես, եւ ուսի ցաւ ալ ունեցայ, որ շարժումներուս վրայ կ՛ազդէր», ըսաւ Ճոքովիչ մրցումէն ետք` առանց հաստատելու, թէ թենիսի իր ասպարէզը պիտի շարունակէ՞, թէ՞ ոչ: