Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նոր վէճ յառաջացուց, երբ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ հրապարակեց Հորմուզի նեղուցի քարտէսը եւ Փորթօ Ռիքոյի, Հիւսիսային Մարիանա կղզիներու, Վըրճին կղզիներու, Կուամի, Ուէյք կղզիի, Ուաշինկթընի, Ամերիկեան Սամոայի, Միքրոնեզիոյ դաշնակցային պետութիւններու եւ Մարշալեան կղզիներու դրօշներու նկարները, որոնք միաւորուած էին «Ամերիկեան հողամասեր» եզրաբանութեան տակ:
Նախքան այդ, Թրամփ իրերայաջորդ կերպով յայտարարած էր, թէ Հորմուզի նեղուցը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու վերահսկողութեան տակ` զօրակցելով զայն «Միացեալ Նահանգներուն պատկանող շրջան» նկատելու գաղափարին:
Ան այդ ջրային կարեւոր անցքին վրայ ամերիկեան վերահսկողութիւնը կատարուած իրողութիւն որակած էր:
Միւս կողմէ, Թրամփ յայտարարեց. «Ծոց մը ունինք (Մեքսիքայի ծոցը, որ ինք «Ամերիկայի ծոց»-ի անուանափոխեց), եւ լիճ մը ունինք (Օնթարիօ լիճը, որ ինք «Ամերիկա լիճ»-ի անուանափոխեց): Այժմ ովկիանոսի մը կարիքը ունինք: Ուստի թերեւս Ատլանտեանի կամ Խաղաղականի անունը պիտի ստիպուինք փոխել… Թերեւս երկուքինն ալ կը փոխենք»:
Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնի յիշեցուց, թէ լիճին անունը աւելի հին է, քան քանատական ու ամերիկեան պետութիւնները:
«Մենք գիտենք, որ Ամերիկան կը փոխուի. անոնց առեւտրական փոխյարաբերութիւնները, անոնց արտաքին քաղաքականութիւնը, անոնց ազգային յուշարձանները, ջրային տարածքներու անոնց անուանումները: Քանատացիները նաեւ գիտեն, որ իրականութիւնը իր անունով կոչելը կը նշանակէ զայն Օնթարիօ լիճ կոչել…», ընկերային ցանցին վրայ գրեց Քառնի: