Ալվարես Վերսկսաւ Իր Փորձերը Աթլեթիքօ Մատրիտի Հետ

Կիրակի օր արժանթինցի յառաջապահ Խուլիան Ալվարես վերսկսաւ իր փորձերը Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ:

Անցեալ շաբաթ Ալվարես 3 փորձերէ բացակայած էր` նկատի ունենալով, որ ան կ՛ուզէր լքել Մատրիտի ակումբը: Խումբին ղեկավարութիւնը դէմ էր, որ ան լքէ ակումբը, եւ այդ պատճառով ալ անոր փոխանցման գինը չափազանց բարձր որոշած էր:

Ակումբը դէմ չէր, որ ան մեկնի Անգլիա: Ախոյեան Արսենալի մարզիչ Միքել Արթեթա անոր հետ հեռաձայնով կապուած էր, բայց ըստ երեւոյթին համաձայնութիւն չէր կնքուած երկու կողմերուն միջեւ, մանաւանդ որ Ալվարես վստահաբար կ՛ուզէր հիմնական մարզիկ ըլլալ Լոնտոնի ակումբին հետ, մինչ Արթեթա վստահաբար զայն ոչ միշտ պիտի օգտագործէր: Ան կ՛ուզէր միանալ Պարսելոնային, բան մը, որուն դէմ էին գլխաւոր մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ ղեկավարութիւնը:

Կացութիւնը անել վիճակի հասնելէ ետք, Ալվարես վերադարձաւ փորձերու` կապ հաստատելէ ետք Սիմէոնէի հետ, որ դէմ էր մարզիկին մեկնելուն:

«Լա լիկա»-ի փոխանցումներու պատուհանը կը փակուի այսօր գիշեր, եւ Պարսելոնա, որ տակաւին չունի թիւ 9 (կեդրոնի յառաջապահ), վերջին փորձը պիտի կատարէ զինք ձեռք ձգելու:

Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Արսենալ միակ խումբն է, որ կրնայ 150 միլիոն եւրօ վճարել, բայց Մոնտիալին անոր «երազային փոխանցումը` Պարսելոնային» խօսքը վստահ չէ մոռցուած…

 

Leave a Comment