Քոսովոյի մայրաքաղաք Փրիշթինայի մէջ իր աւարտին մօտեցաւ ծանրաբարձութեան պատանիներու Եւրոպայի ախոյեանութիւնը:
Վերջին օրուան կանուխ մրցումներուն, 95 քկ կշիռի կարգին մէջ Ալեն Խաչատրեան արաշէի մրցումներուն կրցաւ յաջողութեամբ բարձրացնել 137 եւ 142 քկ` ձեռք ձգելով փոքր արծաթ մետալ: Էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն ան 165 եւ 171 քկ կշիռք կրցաւ բարձրացնել` նուաճելով փոքր պրոնզէ մետալ: Երկամարտի 313 քկ արդիւնքով Խաչատրեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի փոխախոյեան` նուաճելով արծաթէ մետալ:
Նոյն կշիռի մրցումներուն այլ Ալեն մը` Զուրաբեան, արաշէի մրցումներուն բարձրացուց 133 քկ կշիռք: Էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն ան 170 եւ 174 քկ յաջողեցաւ բարձրացնել` շահելով փոքր արծաթ մետալ մը: Երկամարտի 307 քկ արդիւնք ձեռք ձգելէ ետք ան դարձաւ պրոնզէ մետալակիր:
95 քիլոկրամէն վեր կշիռի մրցումներուն, Էրիկ Սիմոնեան արաշէի վարժութեան յաջողութեամբ բարձրացուց 140 եւ 145 քկ: Էփոլէ-ժըթէի վարժութեան ան կրցաւ 172, 177 եւ 182 քկ բարձրացնելով, որուն շնորհիւ փոքր պրոնզէ մետալ շահեցաւ: Երկամարտի 327 քկ կշիռի ընդհանուր արդիւնքով Սիմոնեան 4-րդ դիրքին վրայ աւարտեց եւ չկրցաւ բարձրանալ պատուոյ հարթակ: