Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանը «ձախող պետութիւն» որակեց:
Ան ըսաւ, որ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին համար Ճանըթըն Հանթի Իրանի վերաբերեալ պատրաստած տեղեկագիրը «մասնաւորապէս ճշգրիտ չէ»:
«Ես ժողով գումարել չեմ ուզեր, իրենք այդ մէկը կ՛ուզեն: Իրականութեան մէջ, անոնք համաձայնութիւն կնքել կ՛աղաչեն», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:
Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքաթ Պեսենթ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին Հորմուզի նեղուցէն 130 միլիոն տակառ քարիւղ փոխադրեցին, մինչ Իրան ոչ իսկ մէկ տակառ փոխադրեց:
Պեսենթ աւելցուց, որ ծովային շրջափակումն ու «տնտեսական մեկուսացման գործողութիւնը» պիտի քանդեն դժուար կացութեան մէջ գտնուող իրանեան տնտեսութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ Թեհրան Քաթարի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանիի այցելութեան ընթացքին «շինիչ եւ նորարարական քննարկումներ» կատարեց:
Ան ըսաւ, որ դիւանագիտական հոլովոյթը իր բնական իրավիճակին վերադարձնելը «անկարելի չէ»` շեշտելով, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է գիտակցին, թէ ճնշման քաղաքականութիւնը «օգուտ չունի»:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը աւելցուց, որ դիւանագիտական հոլովոյթի վերականգնման համար Ուաշինկթըն պէտք է «վստահութիւն հաստատէ, յարգանքով խօսի, ճանչնայ Իրանի իրաւունքները եւ յարգէ իր խոստումները»:
Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Մոհսեն Ռիտայի յայտնեց, որ Իրան կրնայ պատժամիջոցներու ճնշման ուժեղացման պարագային Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական շահերուն վնաս հասցնել:
«Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի վրայ տնտեսական ճնշման ուժեղացման պարագային մենք պիտի պատասխանենք հակաքայլերով, որոնք շրջանին մէջ ամերիկեան շահերուն վրայ անդրադարձ պիտի ունենան», «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ ան:
Ռիտայի աւելցուց, որ իր կարծիքով` Միացեալ Նահանգներու Թեհրանի վրայ տնտեսական ճնշման դիմելը կը վկայէ, թէ հակամարտութեան լուծման զինուորական մօտեցումը սահմանափակ արդիւնք կու տայ:
Բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթը գրեց. «Հիմնուելով փաստաթուղթերու եւ ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ հարցազրոյցներու վրայ` Իրանի դէմ պատերազմը սպառած է ամերիկեան զինամթերքի պաշարները»:
«Իրանեան հարուածները Միջին Արեւելքի շրջաններուն մէջ ռազմավարական ռազմակայաններուն վնասներ պատճառեցին, ինչ որ զինուորական պիւտճէին վրայ ճնշումը բազմապատկեց», աւելցուց օրաթերթը: