Մելատինոֆ. «Թուրքիան Կազայի Մէջ Կայունութեան Միջազգային Ուժին Մաս Պիտի Չկազմէ»

Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդի բարձրագոյն ներկայացուցիչ Նիքոլայ Մելատինոֆ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ճամբու քարտէսը չյարգելը կը սպառնայ տապալել Կազայի մէջ զինադադարը»` աւելցնելով. «Զինադադարի տապալումէն զգուշացումս ուղղուած է պաղեստինեան եւ իսրայէլեան կողմերուն»:

«Կազայի վերաբերեալ ներկայ ծրագիրէն աւելի լաւ այլընտրանք գոյութիւն չունի, եւ պատերազմին վերադառնալը քանդիչ պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:

«Միջազգային ուժի տեղակայման մեքանիզմն ու Կազայի մէջ տեղակայման դիրքերը ճշդեցինք», նշեց Մելատինոֆ:

«Մարոքի հետ Կազայի մէջ կայունութեան միջազգային ուժին մասնակցութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցինք, եւ Թուրքիան անոր մաս պիտի չկազմէ», յայտարարեց Խաղաղութեան խորհուրդի բարձրագոյն ներակայացուցիչը:

«Կայունութեան միջազգային ուժերու առաջին խումբերը պէտք է մօտ օրէն Կազա հասնին», ըսաւ ան:

Leave a Comment