Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով 28 օգոստոսին յայտարարեց, որ 1 սեպտեմբերին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Պիշքեքի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ, որուն հետ պիտի քննարկէ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու` Հայաստանի ձգտումները:
«Տեղի պիտի ունենայ զրոյց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ: Հայաստանի մէջ ընտրութիւններէն ետք մեր առաջնորդները արդէն կապ հաստատած են: Մօտաւորապէս յստակ է, թէ ինչի՛ մասին պիտի խօսուի», ռուսական լրատուամիջոցներուն համաձայն, ըսաւ Ուշաքով:
«Մենք նախապէս կը պնդէինք, որ Հայաստան չի կրնար ձգտիլ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան` միաժամանակ հսկայական օգուտներ ստանալով Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջանակներուն մէջ համագործակցութենէն: Այս հարցը ձեւով մը պէտք է հանգուցալուծել: Այս մասին նախագահն ու վարչապետը, անկասկած, պիտի խօսին», նշեց ան:
Ուշաքով նաեւ դիտել տուաւ, որ Քրեմլին մտահոգուած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ հետ աւելի լաւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու կողմնակից ընդդիմադիր առաջնորդներու զանգուածային ձերբակալութիւններով:
«Զրոյց կը կատարուի նաեւ Հայաստանի մէջ ընդդիմութեան առաջնորդներու զանգուածային ձերբակալութիւններու անսովոր երեւոյթին մասին», յայտնեց նախագահին օգնականը` մանրամասնելով, որ նկատի ունի այն առաջնորդները, որոնք կը պաշտպանեն Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ աւանդական բարիդրացիական յարաբերութիւններու ամրապնդումը:
«Այս նիւթը, անկասկած, պիտի քննարկուի: Եւ, ի հարկէ, Հայաստանի ղեկավարութեան այս գործողութիւնները մեզ կը մտահոգեն», նշեց Եուրի Ուշաքով: