Հաղորդագրութիւն. ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Պասքեթպոլի Խումբերը Յորդանանի Մէջ Ունեցան Բարեկամական Մրցումներ

Ընդառաջելով յորդանանեան «Այժատ» մարզական հիմնարկի հրաւէրին` ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի պասքեթպոլի զոյգ աղջկանց եւ տղոց խումբերը կիրակի, 16 օգոստոս 2026-ին մեկնեցան Ամման, Յորդանան:

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութիւնը յարմար նկատեց ընդառաջել այս հրաւէրին, որուն շնորհիւ մարզական խումբերը կարելիութիւն պիտի ունենան ձեռք ձգել փորձառութիւն եւ զայն օգտագործել յառաջիկայ տարեշրջանի ախոյեանութեան խաղերու ընթացքին, նաեւ այսպիսի առիթ պիտի նպաստէ բարձր պահելու ՀՄԸՄ-ի անունը լիբանանեան մարզական կեանքին մէջ:

Շնորհիւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի բարերարներու նեցուկին, մասնաճիւղի քսանմէկ մարզիկներ, որոնց ընկերակցեցան պասքեթպոլի խումբերու մարզիչ Ժոզեֆ Արապեանը, յանձնախումբի անդամները եւ վարչութեան պասքեթպոլի ներկայացուցիչ Թոնի Սանտաքլին, Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի» օդակայանէն մեկնեցան Ամման եւ մասնակցեցան բարեկամական մրցումներուն:

Բարեկամական մրցումներ տեղի ունեցան յորդանանեան Օրթոտոքս քլապ, Ահլի քլապ եւ Իթթիհատ Ամման խումբերուն դէմ: Մրցումներուն ընթացքին յուշանուէրներ փոխանակուեցան, յուշանուէր յանձնուեցաւ  նաեւ ՀՄԸՄ-ի Ամմանի մեկուսի շրջանի վարչութեան, ինչպէս նաեւ Յորդանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ Ֆատի Սապպահի, որուն շնորհիւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին ուղղուած էր այս հրաւէրը: Մարզիկները առիթ ունեցան այցելելու յորդանանեան պատմական վայրերը, իսկ հինգշաբթի, 20 օգոստոս 2026-ի երեկոյեան վերադարձան Պէյրութ:

Յատուկ շնորհակալութիւն ՀՄԸՄ-ի Ամմանի մեկուսի շրջանի վարչութեան, տեղւոյն ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք բոլոր մրցումներուն ներկայ էին եւ կը քաջալերէին ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի մարզական խումբերը:

Շնորհակալութիւն նաեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որոնց ցուցմունքով կարելի եղաւ սոյն գործունէութիւնը յաջողութեամբ իրականացնել:

ՀՄԸՄ-Ի ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Leave a Comment