Պասքեթպոլ. Լիբանան – Հարաւային Քորէա` 93-74

Անցեալ տարի 11 կէտերով պարտուելէ ետք Քորէայէն (Ասիոյ բաժակին), Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի խումբը «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ, 6 կէտերով տղոց պասքեթպոլի խումբը «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ, 6 կէտերով ետ կը մնար առաջին մասին, ապա 3-ի նուազեցուց կէտերու տարբերութիւնը մինչեւ կիսախաղ (38-41):

Բ. կիսախաղին կարծէք մարզիչ Ահմետ Ֆարրան գտած էր ճիշդ մարզիկները ինչպէ՛ս օգտագործել, եւ բոլորովին տարբեր ելոյթ ունենալէ ետք, 3 կէտով կրցաւ անցնիլ Քորէային, իսկ 4-րդ եւ վճռական մասին 19 կէտերու հասցուց մրցումը` աւարտելով 93-74 արդիւնքով:

Նոյնիսկ առանց վիրաւորներ Ուաէլ Արաքժիի, Ալի Մանսուրի եւ Ժիհատ Խաթիպի, մինչեւ իսկ Քարիմ Զէյնունի վիրաւորուիլն ալ պատճառ չէր, որ Լիբանան դժուարութիւն ունենայ, մանաւանդ երբ Եուսեֆ Խայյաթ (21 կէտ), Սերժիօ Տարուիշ (17 կէտ) եւ Օմար Ժամալէտտին (16 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) լաւ խաղացին:

Տի. Ճէյ. Ֆանտըրպըրք (13 կէտ) իր կարգին լաւ ելոյթ ունեցաւ, եւ խումբը ընդհանուր առմամբ լաւ ձեւով պաշտպանեց Բ. կիսախաղին:

Այժմ Լիբանան կը մեկնի Չինաստան` մրցելու տեղւոյն ազգային խումբին դէմ, երկուշաբթի յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):

Յաղթանակ մը եւս եւ խումբը գրեթէ ապահոված կ՛ըլլայ Մոնտիալին իր տոմսը:

 

Leave a Comment