Պայրագտարեան Շնորհաւորեց Լիբանանի Պասքեթպոլի Ազգային Խումբը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան շնորհաւորեց Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը ՖԻՊԱ-ի պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան ասիական զտումի մրցումներուն ընթացքին 93-74 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակին առիթով:

Մրցումին ներկայ էր հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը, որուն ներկայութիւնը յատուկ ոգի ներշնչեց եւ լիբանանցի մարզիկներուն բարոյական մղում ապահովեց արժանի յաղթանակի իրագործման համար:

Նախարար Պայրագտարեան նաեւ գնահատեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ջանքերը զարգացնելու, բարելաւելու եւ գործադրելու նախաձեռնութիւններ, որոնք կը ծառայեն Լիբանանի մէջ այս մարզաձեւին յառաջընթացին:

Leave a Comment