Իսա. «Իսրայէլին Կոչ Կ՛ուղղենք` Դադրեցնելու Եւ Մեղմացնելու Իր Հարուածները»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսա երէկ այցելեց տիւրզիներու հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունային, որուն հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Լիբանանցիները համաձայն են, որ Հըզպալլան պէտք է զէնքը յանձնէ»:

«Կը կարծեմ, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ Հըզպալլայի միջեւ ուղղակի կամ անուղղակի հաղորդակցութիւն գոյութիւն ունի», ըսաւ ան:

«Մենք տեւաբար Իսրայէլին կոչ կ՛ուղղենք դադրեցնելու եւ մեղմացնելու իր հարուածները, սակայն ատոր դիմաց Հըզպալլան որեւէ քայլ չի կատարեր», նշեց դեսպանը:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանը նաեւ ըսաւ. «Հըզպալլան չ՛ուզեր լիբանանեան կառավարութեան, Միացեալ Նահանգներուն կամ Իսրայէլի հետ խօսիլ եւ իր հրամանը միայն Իրանէն կը ստանայ: Կ՛ուզենք, որ ան իր զէնքերը յանձնէ, եւ անկէ յաւելեալ բան չենք ուզեր»:

Պատասխանելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի` շրջագծային համաձայնութեան նկատմամբ արտայայտած կեցուածքին մասին հարցումի մը, Իսա յայտնեց. «Ժոմպլաթը օր մը կ՛ուզէ, օր մը` ոչ: Մօտ օրէն անոր հետ կապուինք»:

Ժոմպլաթ Կ՛արձագանգէ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ արձագանգեց Միացեալ Նահանգներու դեսպանին` նշելով. «Կը թուի, թէ դեսպան Իսան, իր բազմազան մշակութային ու քաղաքական գործունէութեան մէջ, չկարողացաւ կարդալ մեկնաբանութիւններս «Եռակողմ շրջագիծ» կոչուող փաստաթուղթին վերաբերեալ, զոր ես կը մերժեմ եւ որ պէտք է փոխարինուի Թաէֆի համաձայնագիրին եւ թիւ 1701 բանաձեւին մէջ նշուած զինադադարի համաձայնագիրով»:

 

Leave a Comment