Մըրքոս. «Լիբանանեան-Էմիրաթական Յարաբերութիւնները Մուտք Գործեցին Գործակցութեան Եւ Գործընկերութեան Նոր Փուլ»

Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս «Սքայ Նիուզ Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Լիբանանեան-էմիրաթական յարաբերութիւնները մուտք գործեցին գործակցութեան եւ գործընկերութեան նոր փուլ»:

«Ներկայ թափը կը ներկայացնէ առիթ մը` օժանդակութիւններէն ու փոխադարձ առեւտուրէն անցնելու ուղղակի ներդրումներու, վերաշինութեան ու վերականգնման», նշեց նախարարը:

«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու առեւտուրի պետական նախարար Թանի Պըն Ահմետ Զայուտիի գլխաւորութեամբ էմիրաթական բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը մասնակցութեամբ Լիբանանեան-էմիրաթական տնտեսական համախմբումը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Լիբանանի միջեւ վստահութեան կառուցման նոր էջի արտացոլացումն է», ըսաւ ան:

«Էմիրաթական պատուիրակութեան այցելութիւնը նախագահական այս ժամանակաշրջանին եւ այս կառավարութեան հետ Լիբանանի պետութեան յենասիւներու եւ վստահութեան վերականգնման արդիւնք է», յայտնեց Մըրքոս:

Ան շեշտեց «Լիբանանի համար Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու շուկայի կարեւորութիւնը, որովհետեւ անիկա Լիբանանի արտածումի շուկաներուն շարքին յառաջատար է, եւ բացի ատկէ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները դարպաս են դէպի Արաբական ծոց, Ասիա եւ Ափրիկէ»:

«Անցած ենք գործընկերութեան փուլ, ոչ միայն առեւտուրի մարզին մէջ», բացատրեց Մըրքոս` աւելցնելով. «Երկու երկիրներուն միջեւ ներդրումներու հեռանկարները խոստմնալից դարձած են, եւ ներկայիս ժամանակը յարմար է լիբանանեան շուկայ մուտք գործելու համար, որովհետեւ Լիբանան կ՛անցնի վերականգնման փուլէ` սկսելով դուրս գալ երկիրը պատուհասած ելեւմտական, դրամավարկային եւ դրամատնային ճգնաժամէն, սպասելով կայունութեան ցանկալի մակարդակին հասնելուն»:

Միւս կողմէ, տեղեկատուութեան նախարարը երէկ նախագահական պալատ այցելելէ ետք յայտարարեց. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը ինծի տեղեկացուց, թէ ստորագրած է տեղեկատուութեան նոր օրէնքը»:

«Քննարկեցինք բարեփոխումները, զորս կրնանք կատարել` օրէնքի իտէալական նախագիծին հասնելու համար, ինչպէս նաեւ զինք տեղեակ պահեցի օրէնքը բարելաւելու համար երեսփոխանական պլոքներու միջեւ գոյութիւն ունեցող համակարգումէն», ըսաւ ան:

«Քննարկեցինք ելեւմուտքի նախարարութեան հարցերը եւ անդրադարձանք Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանի եւ բոլոր լրատուամիջոցներու աշխատանքի ընթացքին», նշեց Մըրքոս:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն աւելի ուշ ընդունեց էմիրաթական պատուիրակութիւնը եւ շեշտեց Լիբանանի ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ խոր պատմական եւ եղբայրական յարաբերութիւնները` շնորհակալութիւն յայտնելով մնայուն աջակցութեան համար:

Ան էմիրաթական գործարար պատուիրակութեան Պէյրութ այցելութիւնը նկատեց Լիբանանի կայունութեան եւ ապագային նկատմամբ յոյսի եւ վստահութեան ուղերձ, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան եւ ներդրումներու համար նոր հորիզոններ բացող:

Leave a Comment