Միջցամաքամասային Բաժակ. Ահլի Յաղթեց Եւ Հասաւ Քառորդ Աւարտական` Շնորհիւ Սպերցեանի

Ժետտայի մէջ (Սէուտական Արաբիա) Ապտուլլահ թագաւորի անուան մարզադաշտին վրայ Ահլի 1-0 արդիւնքով յաղթեց Նոր Զելանտայի Օքլենտ Ֆ. Ք. խումբին եւ հասաւ միջցամաքամասային բաժակի քառորդ աւարտական:

Ահլի, որ շահած էր Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ը, իր միակ կոլը նշանակեց 63-րդ վայրկեանին: Սալեհ Ապու Շամաթ նշանակեց մրցումին միակ կոլը` հիանալի փոխանցում մը ստանալէ ետք Հայաստանի հաւաքականի խմբապետ Էդուարդ Սպերցեանէն:

Այս ձեւով Սպերցեան իր պաշտօնական 4-րդ մրցումին մեծ դեր ունեցաւ Ահլիի յաջողութեան մէջ:

19 սեպտեմբերին Ահլի պիտի մրցի Հարաւային Ափրիկէի Մամելոտի Սանտաունզ խումբին դէմ, որ Ափրիկէի ախոյեանն է:

Այս մրցումին յաղթականը պիտի մրցի ամերիկեան ցամաքամասի ախոյեան Թոլուքային դէմ, որմէ ետք Եւրոպայի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի ըլլայ աւարտական մրցումի մէկ կողմը` սպասելով միւս ցամաքամասերէն զտուած ակումբին:

Յուսանք, որ Սպերցեան կարենայ Ահլիի հետ հասնիլ աւարտական` մրցելու համար Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ:

 

 

Leave a Comment