Հայ ծանրաբարձ Նարէ Առաքելեան (69 քկ) Քոսովոյի մէջ տեղի ունեցող պատանիներու (15 տարեկանէն վար) Եւրոպայի ախոյեանութեան նուաճեց արծաթէ մետալ:
Արաշէի վարժութեան, Հայաստանի հաւաքականի ներկայացուցիչը յաջողութեամբ կատարեց իր երեք փորձերն ալ` 90, 95 եւ 97 քկ: Այս վարժութեան ան նուաճեց փոքր ոսկի մետալ:
Էփոլէ-ժըթէի վարժութեան, հայ մարզիկը յաջողութեամբ բարձրացուց 110 եւ 115 քկ` շահելով փոքր արծաթ մետալ:
Երկամարտի արդիւնքով անոր 212 քկ կշիւռը զինք հասցուց Եւրոպայի փոխախոյեանի տիտղոսին` շահելով մեծ արծաթ մետալ: