Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ Մարոնիներու ընդհանուր խորհուրդը ընդունելով յայտնեց. «Հայրենիքներու կառուցումը հասարակաց պատասխանատուութիւն է, եւ միայն մէկ անձի կամ կողմի ուսերուն վրայ դրուած չէ. իւրաքանչիւրը` իր դիրքին ու պաշտօնին համաձայն: Հայրենիքի շահը պէտք է մնայ առաջնահերթութիւն եւ որեւէ անձնական շահէ վեր, որպէսզի երկիրը շտկուի»:
«Լիբանանի երիտասարդութիւնն ու նոր սերունդը, ուր որ ալ գտնուին, գլխաւոր շարժիչ ուժն են, եւ պատմութենէն եւ ատոր բազմաթիւ ճգնաժամերէն, յատկապէս վերջին շրջանին` 2019 թուականէն մինչեւ այսօր, մենք քաղած ենք այն դասերը, որ լիբանանցիներուն դիմացկունութիւնն ու հայրենիքին նկատմամբ հաւատքը հիմք հանդիսացան դժուարութիւններ յաղթահարելու եւ Լիբանանի անսասան մնալու կարողութեան համար», ըսաւ ան:
«Այս կառավարութեան հետ մենք սկսանք լուծել տարիներ շարունակ տարածուած փտածութեան խնդիրը: Մենք պատերազմ կը մղենք անոնց դէմ, որոնք կը մերժեն պետութեան տրամաբանութիւնը, մինչդեռ մենք կ՛ուզենք պետութիւն ունենալ:
«Կառավարութիւնը քայլերու ձեռնարկած է, թէեւ ոչ բաւարար, տնտեսական ու ֆինանսական բարեփոխումներու ծիրին մէջ, սակայն տնտեսութիւնը աճ արձանագրած է, եւ մենք կ՛ակնկալէինք, որ տնտեսութիւնը այս տարի աճի: Սակայն պատերազմը կտրեց այս յոյսը: Այս ամէնէն անկախ, Լիբանանը կը մնայ դիմացկուն, եւ անոր հաստատութիւնները տակաւին կը գործեն», յայտնեց հանրապետութեան նախագահը:
«Մենք որոշում տուինք բանակցելու` պատերազմի պատճառած աղէտներէն ու ողբերգութիւններէն խուսափելու համար: Ճիշդ է, ատիկա դիւրին կամ արագ չէ, եւ կան խոչընդոտներ ու դժուարութիւններ, սակայն անիկա շատ աւելի լաւ է, քան պատերազմը:
«Մենք կը կիսենք նոյն նպատակները` հարաւային Լիբանանի ազատագրումը, երկրի սահմաններուն վրայ բանակի տեղակայումը, գերիներու վերադարձը, տեղահանուած անձերու տունդարձը եւ վերակառուցումը: Ասիկա կարելի չէ իրականացնել պատերազմի միջոցով, ինչպէս յստակ դարձաւ, ուստի բանակցութեան այլընտրանք գոյութիւն չունի», նշեց նախագահ Աուն: