Այցելելով Հանրապետութեան Միւֆթիին` Իսա. «Հըզպալլայի Հետ Կը Բանակցինք, Եթէ Տալիք Բան Մը Ունի»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսա Տար Ֆաթուայի մէջ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանի հետ հանդիպումէն ետք նշեց. «Միացեալ Նահանգներ հետաքրքրուած են Լիբանանի կողքին կանգնելով ու անոր գերիշխանութիւնը իրագործելով, եւ հանրապետութեան միւֆթիին ու մեր դիրքորոշումները իրարու մօտ են»:

«Բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ «սեւ սեպտեմբեր» եզրաբանութիւնը չեմ հաւնիր: Կը սպասենք տեսնելու համար, թէ յառաջիկայ երկու օրուան ընթացքին Ալի Թահերի բարձունքներուն վրայ ի՛նչ զարգացումներ տեղի պիտի ունենան», ըսաւ ան:

«Իսրայէլեան յարձակումները կան, եւ Իսրայէլէն ձեր ամբողջ ուզածը անոր դուրս գալն է, ուստի ինչո՞ւ կուսակցութենէն չէք պահանջեր իր զէնքը յանձնել», հարց տուաւ Իսա:

«Հըզպալլայի հետ կը բանակցինք, եթէ տալիք բան մը ունի», շեշտեց Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:

«Փորձնական շրջանները յառաջ կ՛ընթանան, եւ թուղթի վրայ պատրաստուող ամէն բան գետնի վրայ գործադրուելու համար ժամանակ կ՛առնէ», նշեց Իսա:

Leave a Comment