Փեսքով. «Եթէ Հայաստանը Այլեւս ՀԱՊԿ-ին Կարիքը Չունի, Ազատ Է Որդեգրելու Համապատասխան Որոշում Եւ Կազմակերպութենէն Դուրս Գալու»

Եթէ Հայաստանը այլեւս ՀԱՊԿ-ին անդամակցելու կարիքը չունի, ապա Երեւանը ազատ է որդեգրելու համապատասխան որոշում եւ կազմակերպութենէն դուրս գալու: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

«Ես կը դժուարանամ հասկնալ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ` գոհ պիտի ըլլար, եթէ իրեն հեռացնէին: Եթէ Երեւանը իր ազգային շահերէն մեկնելով այլեւս կարիք չունի շրջանային անվտանգութեան ապահովման այսքան կարեւոր կազմակերպութեան անդամակցելու, ապա ան ազատ է համապատասխան որոշում որդեգրելու եւ լքելու այդ կազմակերպութիւնը», լրագրողներուն ըսած է ան:

Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախքան այդ Ազգային ժողովի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ նշած էր, թէ ինք շատ գոհ պիտի ըլլայ, եթէ ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Հանրապետութիւնը հեռացնէ, որովհետեւ ՀԱՊԿ-ի հանդէպ Հայաստանի Հանրապետութեան հետաքրքրութիւնը սպառած է:

Անդրադառնալով Փաշինեանի յայտարարութեան, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ապագային պիտի սկսի Եւրոպական Միութեան անդամակցելու դիմում ներկայացնելու գործընթացին, Փեսքով յայտնեց. «Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան անդամակցելու դիմումին, ես այստեղ ամբողջ ընթացքին խորհուրդ կու տամ բայց եւ այնպէս յիշել փորձառութիւնը Թուրքիոյ, փորձառութիւնը շարք մը այլ երկիրներու, որոնց դիմում ներկայացնելու պահէն արդէն անցած են տասնեակ տարիներ, իսկ սայլը տակաւին տեղն է»:

Leave a Comment