Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղասսան Հասպանի ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքին յղեց բաց նամակ մը` յայտնելով. «Լիբանանի մէջ իրականութիւնը այն է, որ գոյութիւն ունի օրինական, ընտրուած իշխանութիւն, որ միայն ինք իրաւունք ունի Լիբանանի պետութեան ու ժողովուրդին անունով որոշումներ տալու` անկախ անկէ, թէ ինչ կրնան մտածել տալ իրողական գետնի վրայ պարտադրուող ուժերուն դիրքորոշումներն ու վարմունքները»:
«Որեւէ լուծում պէտք է անցնի լիբանանեան պետութեան եւ անոր օրինական հաստատութիւններուն միջոցով, որոնք կը ներկայացնեն Լիբանանի ժողովուրդին կամքը, եւ ոչ թէ զուգահեռ օրինականութիւն տրամադրելով անոնց, որոնք կը մերժեն պետական որոշումները, կ՛անտեսեն սահմանադրութիւնը, կը տիրապետեն Լիբանանին ծանր վնաս հասցուցած իրանեան զէնքերու եւ ամէն օր կը վերահաստատեն իրենց հաւատարմութիւնը Իրանին, ինչպէս դուք անձամբ նշեցիք` այդպիսով երկիրը պահելով իբրեւ իրանեան ազդեցութեան ասպարէզ:
«Օրինականութիւնը ո՛չ անօրինական զէնքի տիրապետման, ո՛չ ալ կառավարութեան որոշումները խոչընդոտելու կարողութեան միջոցով ձեռք կը բերուի, այլ կը բխի բոլոր լիբանանցիները ներկայացնող սահմանադրական հաստատութիւններէն:
«Ինչ կը վերաբերի ձեր պնդման, թէ Հըզպալլան լիբանանեան բանակէն աւելի ուժեղ է, ենթադրել կու տայ, որ Լիբանանի մէջ իրավիճակին վերաբերեալ ձեր պատկերացումը տակաւին հիմնուած է այն տուեալներուն վրայ, որոնք փոխուած են այս գաղափարի ձեզի առաջին անգամ ներկայացուելէն ի վեր»: