Շիպանի Կիրակի Օր Յորդանանի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Մոսատի Ղեկավարին Հետ

Երկու աղբիւրներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի կիրակի օր` Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքի մէջ օդուժի ռազմակայանի մը վրայ իսրայէլեան յարձակումէն քանի մը օր ետք Յորդանանի մէջ հանդիպում ունեցած է Մոսատի ղեկավար Ռոման Կոֆմանի հետ:

Դիւանագիտական աղբիւր մը եւ սուրիական կառավարութենէն աղբիւր մը յայտնած են, որ անոնք քննարկած են շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` Յորդանանի մէջ ամերիկեան հսկողութեամբ «յատուկ գործողութիւններու գրասենեակ»-ի ստեղծումը` Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ կամ սուրիական հողերու վրայ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ որեւէ բախում կանխարգիլելու համար:

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը իր կարգին հաղորդեց, որ Շիպանի Կոֆմանի հետ ժողով գումարած է` փորձելով Դամասկոսի եւ Թել Աւիւի միջեւ մագլցումը վերահսկողութեան տակ առնել:

Լաւատեղեակ երկու աղբիւրներ կայքին յայտնած են, թէ ժողովը գումարուած է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Ապու Զուհուր ռազմակայանին վրայ երկու երկիրներուն միջեւ սուր լարուածութիւն յառաջացուցած իսրայէլեան յարձակումներէն քանի մը օր ետք:

 

Leave a Comment