«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան «Այ.24» պատկերասփիւռի կայանի քաղաքական հարցերու լրագրողը ըսած է, թէ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, Սուրիոյ եւ Իրաքի հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թամ Պարրաք յայտնած է, որ Կոլանի մէջ իսրայէլեան ներկայութեան վերաբերեալ իր յայտարարութիւնը «յայտնի պատմական արձանագրութեան նկարագրութիւն մըն էր» եւ Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան հողերու բռնակցման բացառման պատճառներու մասին հարցումի մը պատասխանելու ծիրին մէջ էր:
Յիշեցնենք, որ Պարրաք նախապէս Կոլանի մէջ իսրայէլեան ներկայութիւնը «ՄԱԿ-ի որոշումներու եւ միջազգային ամբողջ համակարգին հակասող բռնագրաւում» որակած էր:
Ան ըսած է, թէ ՄԱԿ-ի դիրքորոշումը վկայակոչած է հիմնաւորելու համար իր այն գաղափարը, թէ «բռնի ուժով խլուած հողերը սերունդներով հակամարտութեան նիւթ կը մնան»` շեշտելով, որ աւելի երկարատեւները բանակցութիւններու ճամբով գոյացած փոխըմբռնումներն են, եւ ոչ թէ քարտէսներու գծումը կամ իրողութիւններու պարտադրումը:
Պարրաք յայտնած է, որ իր խօսքը քաղաքական նոր դիրքորոշումի մը ներկայացում չէր, այլ` սահմանային հակամարտութիւններու եւ անոնց կարգաւորման կարելիութիւններու շուրջ քննարկումի ծիրին մէջ պատմական ու իրաւական ենթահողի ներկայացում:
Ան ըսաւ, որ լիբանանցի-աւստրալիացի գործարար Մարիօ Նաուֆալի հետ հարցազրոյցի ընթացքին իր «Իսրայէլ տակաւին շրջանը բռնագրաւուած կը պահէ» խօսքը շրջանին պատմական իրավիճակին նկարագրում էր, եւ «ոչ թէ (Կոլանի վերաբերեալ) ՄԱԿ-ի դիրքորոշման աջակցութիւն»:
Անդրադառնալով Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացի այն քննադատութեան, թէ իր յայտարարութիւնները «սխալներով լեցուն են» եւ կը հակասեն Կոլանի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դիրքորոշման, Պարրաք ըսած է. «Նախագահ Թրամփ Կոլանի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը ճշդեց 2019 թուականին, եւ այդ քաղաքականութիւնը չէ փոխուած»:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի թղթածրարին, ամերիկացի պատուիրակը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ լիբանանեան կառավարութեան հետ կը բանակցին, որովհետեւ անիկա միակ օրինական իշխանութիւնն է, եւ Ուաշինկթընի մէջ 26 յունիսին այդ կառավարութեան հետ ստորագրուած շրջագծային համաձայնութիւնը «Լիբանանի մէջ խաղաղութեան հաստատման ու բարգաւաճման պատմական առիթ կ՛ապահովէ»: