Բռնցքամարտ. Նիկոլայ Եւ Սեպասթիան Տէրտէրեաններ Յաջող Ելոյթ Ունեցան

Երկուորեակ եղբայրներ Նիքոլայ եւ Սեպասթիան Տէրտէրեաններ, արհեստավարժ բռնցքամարտի երեկոյի ընթացքին, յաջող ելոյթ ունեցան Քալիֆորնիոյ Սանթա Մոնիքա քաղաքին մէջ:

Արհեստավարժ ասպարէզին մէջ առաջին անգամ ըլլալով Տէրտէրեան եղբայրները մասնակցեցան նոյն մրցաշարքին:

Նիքոլայ Տէրտէրեան (4-0) պարտութեան մատնեց Քրիսթիան Փերես Էրնանտեսը (12-6): Մենամարտը առաջին ռաունտէն իսկ վերջ գտաւ, երբ Տէրտէրեան նաք-աութի ենթարկեց իր մրցակիցը:

Սեպասթիան (2-0) չորս ռաունտնոց մենամարտ կատարեց Խոսիաս Կոնզալեսի դէմ (2-8) եւ կէտերով յաղթեց իր մրցակիցին` իրաւարարներու (40-36) միաձայն որոշումով:

Տէրտէրեան եղբայրները կը մասնակցին Օսքար Տէ Լա Հոյայի «Կոլտըն Պոյ Փրոմոշընզ» ընկերութեան հետ:

Նախապէս Տէրտէրեանները ոչ արհեստավարժ բռնցքամարտիկի օրերուն կը ներկայացնէին Դանիոյ հաւաքականը: Նիքոլայ 2024-ի Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն ալ մասնակցած է:

Արհեստավարժ ասպարէզի սկսելէ ետք երկու եղբայրներն ալ Հայաստանի դրօշին տակ կը ներկայանան մրցումներուն: Երկուքն ալ անյաղթ ասպարէզ ունին մինչեւ օրս, ուր Նիքոլայ 4 մրցումներն ալ յաղթած է, իսկ Սեպասթիան իր 2 մրցումներուն ալ անյաղթ է:

Leave a Comment