Հայ մարզիկ Էդիկ Մարտիրոսեան պրոնզէ մետալ նուաճեց խառն մենամարտերու («Էմ. Էմ. Էյ.»-ի) աշխարհի պատանիներու ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Ապու Տապիի մէջ:
Մարտիրոսեան հանդէս եկաւ 83,9 քկ կշիռի կարգէն, մինչեւ 17 տարեկաններու աւագ պատանիներու տարիքային խումբէն: Մետալի ճանապարհին վրայ Մարտիրոսեան երեք յաղթանակներ տարաւ Ռուսիոյ, Հարաւային Ափրիկէի եւ Սլովաքիոյ ներկայացուցիչներուն դէմ:
Կիսաւարտականին ան մրցած էր ռուս Ահմետ Մակոմետովի հետ եւ պարտուած աւելի ուշ ոսկի մետալակիր մրցակիցէն:
Էդիկ Մարտիրոսեան կը ներկայացնէր «Գորիս ֆայթ քլապ»-ը, որուն մարզիչն է Ժորա Թումանեան: