Կուայաքիլի մէջ (Էքուատոր) տեղի ունեցաւ աշխարհի պատանիներու ճիւտոյի ախոյեանութիւնը:
Մրցաշարքի արդիւնքներով Հայաստանի հաւաքականը նուաճեց մէկ արծաթէ մետալ:
Մինչեւ 50 քկ կշիռի մրցումներոն Կարէն Նաւասարդեան յաղթելէ ետք Ֆրանսայի ներկայացուցիչին պայքարը աւարտեց 1/8-րդ աւարտականին:
Մինչեւ 55 քկ կշիռի մրցումներուն Նարեկ Դաւթեան հասաւ աւարտական եւ դարձաւ արծաթէ մետալակիր: Մինչեւ աւարտական ան պարտութեան մատնեց Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Ազրպէյճանի եւ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչները:
Նարեկ Նահապետեան (60 քկ) մէկ յաղթանակ արձանագրեց ֆրանսացի մրցակիցին դէմ, այնուհետեւ պարտութիւն կրելով դուրս մնաց 1/8-րդ աւարտականէն:
81 քկ կշիռի մրցումներուն, Դաւիթ Ջուլհակեան երկու յաղթանակ արձանագրեց ալճերիացի եւ սլովենիացի ներկայացուցիչներուն վրայ, բայց պարտութիւն կրեց քառորդ աւարտականին:
66 քկ կշիռի մրցումներուն Սերկէյ Գէորգեան եւ Արտեմ Գալստեան իրենց առաջին մրցումին իսկ պարտութիւններ կրեցին եւ դուրս մնացին մրցաշարքէն:
Մրցաշարքի աւարտէն ետք մետալներու դասաւորման առաջին դիրքը գրաւեց Ռուսիա, որ ձեռք ձգեց 4 ոսկի, 1 արծաթ եւ 3 պրոնզ մետալ: