Հերի Քէյն Շահեցաւ Եւրոպայի «Ոսկի Կօշիկ»-ը

Քանի մը օր առաջ Պայերն Միւնիխի անգլիացի յառաջապահ Հերի Քէյն շահեցաւ Եւրոպայի «Ոսկի կօշիկ»-ը երկրորդ անգամ ըլլալով, բայց ան տակաւին բաւարարուած չէ:

Քէյն պէտք է հանգիստ զգայ ինքզինք պաշտօնական բաճկոնով` անհատական բազմաթիւ մրցանակներ շահելէ ետք: Երեք տարի առաջ Պայերն Միւնիխին միանալէ ետք, ան 2024-ին ալ շահած էր «Ոսկի կօշիկ»-ը եւ այս տարի ալ կրկնեց այդ իրագործումը 36 կոլեր նշանակելէ ետք «Պունտըսլիկա»-ի մէջ:

Ան անգամ մը եւս բաճկոն կրնայ հագուիլ հոկտեմբերին, երբ տեղի պիտի ունենայ «Պալոն տ՛օր»-ի հանդիսութիւնը` բացառաբար Լոնտոնի մէջ (եւ ոչ Փարիզի):

Պայերն Միւնիխի եւ Անգլիոյ ազգային խումբին հետ փայլուն ելոյթներէ ետք ան կրցաւ 73 կոլ նշանակել անցեալ տարեշրջանին եւ թեկնածու է:

«Ես հպարտ կը զգամ անցեալ տարեշրջանին ցուցաբերած մակարդակէս: «Պալոն տ՛օր»-ը անհատական մեծագոյն մրցանակն է, բայց այլեւս իմ ձեռքս չէ:

Կարելիս ըրի, շատ լաւ կ՛ըլլայ անշուշտ, եթէ շահիմ, բայց տակաւին 2 ամիսներ կան որոշումին», աւելցուց Քէյն:

Պայերն Միւնիխ անշուշտ կը փորձէ լաւագոյն ձեւով ներկայացնել Քէյնը եւ լրագրողներուն ձեւով մը կը լուսաբանէ, թէ ան արժանի է այդ տիտղոսին` իբրեւ այժմու լաւագոյն ֆութպոլիստ:

Իտալացի նախկին յառաջապահ Լուքա Թոնի, որ իր կարգին Պայերն Միւնիխի հետ լաւ տարիներ ունեցած է, ինք յանձնեց Քէյնի «Ոսկի կօշիկ»-ի մրցանակը` իր կարգին յայտնելով, որ Քէյն պէտք է «Պալոն տ՛օր»-ը շահի: Ներկայ էին նաեւ նախկին ֆութպոլիստներ Ռիօ Ֆեռտինանտ, Պասթիան Շվանսթայկըր, Կէրի Լինեքըր եւ Ալեն Շիրըր, որոնք իրենց կարգին Քէյնը նկատեցին թիւ 1 թեկնածուն:

Միակ ֆութպոլիստը, որ աւելի կոլեր նշանակած է մէկ տարուան ընթացքին, արժանթինցի Լիոնել Մեսսին է, որ ըսել կ՛ուզէ, թէ ֆութպոլիստ մը յատուկ պէտք է ըլլայ այս դիրքը հասնելու:

Բայց իրականութեան մէջ ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ «Պալոն տ՛օր»-ը ընդհանրապէս կը շահի մարզիկ մը, որ շահած կ՛ըլլայ օրինակ Մոնտիալ, «Եուրօ» կամ «Չեմփիընզ լիկ», եւ Գերմանիոյ կամ Իտալիոյ նման երկիրներ այդքան ալ ծանուցումներու առումով չեն վայելեր Սպանիոյ կամ Անգլիոյ եւ վերջերս Ֆրանսայի նախապատուութիւնը:

Leave a Comment