Երեք շաբթուան դադարէ մը ետք, «Ֆորմիւլա 1»-ի մրցումները կը շարունակուին այս շաբաթավերջին: Մինչեւ տարեշրջանի աւարտը տակաւին 12 կրան փրիներ կան, եւ հասած ենք տարեշրջանի կիսուն:
Նետերլանտներու կրան փրին վերջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Զանտֆորթի մէջ: Սկզբունքով Պահրէյնի կրան փրին, որ ջնջուած էր անցեալ ապրիլին, Միջին Արեւելքի պատերազմին պատճառով, տեղի պիտի ունենայ Մալեզիոյ մէջ, հոկտեմբերին:
Ինչպէս նշեցինք, 12 կրան փրիներու ընթացքին եւ աւելի քան 300 կէտերու համար պիտի մրցին վարորդները, որոնց պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Քիմի Անթոնելլին («Մերսետես»):
«Մերսետես» շատ լաւ ձեւով սկսած էր տարեշրջանը` շահելով առաջին 6 կրան փրիները, այնուհետեւ մրցակցութիւնը զօրացաւ, մանաւանդ կարգ մը ինքնաշարժներու վրայ փոփոխութիւններ կատարելէ ետք:
Մինչ «Ֆեռարի» եղաւ առաջին խումբը, որ կրցաւ պարտութեան մատնել «Մերսետես»-ը, «Մաքլարեն» լուրջ թեկնածուներու շարքին անցաւ շահելէ ետք Պուտափեշտի մէջ: Ասիկա պատահեցաւ, երբ առաջին բարեփոխումները կատարուեցան ինքնաշարժին վրայ: Այս շաբաթավերջին նկատելի կրնայ ըլլալ «Մաքլարեն»-ի առաւելութիւնը, որովհետեւ անցեալ տարուան ախոյեան Լանտօ Նորիս եւ Օսքար Փիասթրի կրնան նեղի մատնել «Մերսետես»-ի զոյգը` Անթոնելին եւ Ճորճ Ռասըլը:
Անշուշտ այս մրցակցութենէն կրնայ օգտուիլ «Ֆեռարի», որ կը մօտենայ Անթոնելլիին Լուիս Համիլթընի միջոցով, որ 50 կէտերու նուազեցուց Անթոնելլիի հետ իր տարբերութիւնը:
«Ռետ Պուլ», որ վերջին 5 տարիներուն լուրջ մրցակից էր եւ 4 անգամ ախոյեան` Մաքս Վերշթափենի հետ, կրնայ աւելի լաւ արդիւնք ձեռք ձգել իր կարգին փոփոխութիւններ կատարելէ ետք: Այս շաբաթավերջին Վերշթափէն աւելի ինքնավստահ կրնայ ըլլալ, մանաւանդ որ քանի մը օր առաջ ան երկարաձգեց «Ռետ Պուլ»-ի հետ իր պայմանագրութիւնը մինչեւ 2030: Ան յոյսով է, որ «Ֆորմիւլա 1» պիտի վերադառնայ 8 սիլենտր աւելի զօրաւոր ինքնաշարժներու: Վերշթափեն, որ տարեշրջանի սկիզբը նոյնիսկ կը մտածէր լքել «Ֆորմիւլա 1»-ը, շատ դանդաղած ըլլալէ ետք, մանաւանդ որ այժմ ինքնաշարժները մեծ մասամբ կը վստահին բարդի ուժին:
Վերշթափեն իր հայրենիքի կրան փրիին պիտի վայելէ համակիրներուն քաջալերանքը, բան մը, որ կրնայ անոր յաւելեալ յոյս տալ պայքարելու` փոտիում բարձրանալու համար: Անոր խմբակից Իզաք Հաժժար դաստակը վիրաւորած է եւ պիտի բացակայի, զինք պիտի փոխարինէ Լիամ Լոսըն, որ «Ռետ Պուլ»-ի պահեստի խումբ «Ռէյսինկ Պուլզ»-ի վարորդ է: