Անցեալ երեքշաբթի տեղի ունեցաւ «Թայթըլտ Թիուզտէյ» ճատրակի առցանց մրցաշարքը:
ՖԻՏԷ-ի 14 տարեկան վարպետ Տիգրան Համբարձումեան տպաւորիչ արդիւնք մը արձանագրեց` պարտութեան մատնելով աշխարհի ամէնէն բարձր դասուած ճատրակի վարպետ նորվեկիացի Մակնուս Քարլսենը:
Աշխարհի 16-րդ ախոյեանութիւնը 2013-էն ի վեր կը մնայ առաջին դիրքին վրայ` պարտութեան մատնելէ ետք հնդիկ վարպետ Վիշվանաթան Անանտը:
«Թայթըլտ Թիուզտէյ» առցանց մրցաշարքը կը կազմակերպէ ՖԻՏԷ-ն, մրցաշարքին կրնան մասնակցիլ միայն ՖԻՏԷ-ի կոչում ունեցող ճատրակի վարպետները:
Մրցաշարքը կը բաղկանայ 11 հանգրուաններէ, իսկ իւրաքանչիւր մրցումի համար մասնակիցները ընդամէնը 5 վայրկեան ժամանակ ունին: