Արժանթինի Բաժակի Մրցումներուն. Ադորեան Նշանակեց Տարեշրջանի Առաջին Կոլը, Պանֆիլտ Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Պանֆիլտի 24 տարեկան միջնապահ Թոմաս Ադորեան կոլի հեղինակ դարձաւ Արժանթինի բաժակի մրցաշարքի 1/8-րդ աւարտականին` Միտլենտի դէմ մրցումին:

Ադորեան հանդիպումը սկսաւ հիմնական կազմէն եւ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին: Հանդիպումէն հիմնական ժամանակը վերջ գտաւ 2-2 արդիւնքով, իսկ փենալթիներով Պանֆիլտ 4-3 արդիւնքով յաղթեց: Թոմաս Ադորեան չհարուածեց փենալթի:

Ադորեանի համար այս կոլը առաջինն էր այս տարեշրջանին: Աւելի կանուխ 24 տարեկան հայ միջնապահը երկու էսիսթ կատարած էր Արժանթինի ախոյեանութեան:

Տարեշրջանի ընթացքին Ադորեանի դերը Պանֆիլտի կազմին մէջ աստիճանաբար կը մեծնայ եւ ան կը դառնայ խումբի կարեւորագոյն տարրերէն: Այս պատճառով անոր դերն ալ կրնայ բարձրանալ Հայաստանի ազգային խումբին մէջ:

2025-ին Ադորեան Հայաստանի հաւաքականին հետ մասնակցած էր երկու բարեկամական մրցումներու, երբ օրին խումբը կը գլխաւորէր նետերլանտցի Ճոնի Վանթ Սխիփ: Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորութեամբ ան տակաւին չէ հրաւիրուած ազգային խումբ, մանաւանդ որ ան Պանֆիլտի հետ ալ պահեստի մարզիկ էր:

Միտլենտի դէմ յաղթանակէն ետք, Պանֆիլտ հասաւ Արժանթինի բաժակի քառորդ աւարտական:

Քառորդ աւարտականին Պանֆիլտ պիտի մրցի Տեփորթիւօ Ռիեսթրայի դէմ, որ իր կարգին փենալթիներով յաղթեց Խիմնասիա Տը Լա Փլաթային:

 

Leave a Comment