Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Իսրայէլի կողմէ ականահարումներու գործողութիւններու ընդլայնումը, որ հասած է Շեպաայի եւ Արքուպի մէջ սահմաններու վերջաւորութեան, կը հաստատէ «ծրագրուած քանդում»-ի շարունակումը, ինչ որ միջազգային մարդասիրական օրէնքի խախտում է, եւ Իսրայէլի միջազգային փոխըմբռնումները, օրէնքներն ու որոշումները չյարգելը ցոյց կու տայ:
Ան նշեց, որ այս գործողութիւնները տեղի կ՛ունենան «նախօրեակին հանդիպումներուն, որոնք մինչեւ օրս օգուտ չբերին»:
Երեսփոխանը նշեց, որ Իսրայէլ այդ հանդիպումները կ՛օգտագործէ իբրեւ «ընտրական ուժի խաղաքարտ», ինչ որ կը պահանջէ ուշադիր ըլլալ` Լիբանանի մէջ արիւնահեղութեան շարունակումէն եւ զայն գիներ վճարելու մղելէն խուսափելու համար, մասնաւորաբար Իսրայէլի ծառայող «ահաբեկման, թելադրանքներու եւ ցուցմունքներու» քաղաքականութեան լոյսին տակ:
Հաշեմ յայտնեց, որ մագլցումը «միայն աւեր ու քանդում կը բերէ»` զգուշացնելով Լիբանանին ու շրջանին սպառնալէն եւ զանոնք մղելէն դէպի «տարբեր պատկեր մը, որուն ստեղծման համար կ՛աշխատին թշնամիի ղեկավարները»: