Ըմբշամարտ. Տէր Մաթեւոսեան Եւ Մխիթարեան Պրոնզ Մետալներ Շահեցան

Հայաստանի ներկայացուցիչներ Էրիք Տէր Մաթեւոսեան եւ Եուրիկ Մխիթարեան պրոնզէ մետալներ նուաճեցին Պրաթիսլաւայի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ըմբշամարտի 20 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեանութեան:

Մինչեւ 97 քկ կշիռի պրոնզէ մետալի մրցումին, Տէր Մաթեւոսեան կը մրցէր Վրաստանը ներկայացնող հայ ըմբիշ Արման Մկրտչեանի դէմ, որ նոյնպէս կը բնակի եւ կը մարզուի Հայաստանի դէմ:

Գօտեմարտը բաւական սուր եղած է եւ Տէր Մաթեւոսեան յաղթական հռչակուած է վերջին կէտը վաստկելու շնորհիւ: Վերջնական արդիւնքը 3-3 էր:

Երկու ըմբիշներն ալ այս տարի բաւական լաւ արդիւնքներ ձեռք բերած էին, ուր Արման Մկրտչեան դարձած էր 20 տարեկանէն վար Եւրոպայի փոխախոյեան, իսկ Տէր Մաթեւոսեան յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով շահած էր աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալը:

Տէր Մաթեւոսեան այս մրցաշարքին յաղթած էր Տորիան Թերեխոյի (Մեքսիքօ) յետ բացակայութեան, Ռատոսթին Վասիլեւի (Պուլկարիա) 7-0 արդիւնքով, քառորդ աւարտականին Ղազախստանի մարզիկ Մաքսիմ Ուքրայնիցեւի (4-0), բայց կիսաւարտականին պարտուած էր ուքրանացի Եկոր Եաքուշենքոյէն (8-0):

67 քկ կշիռի պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Եուրիկ Մխիթարեան:

Եուրիկ Մխիթարեան, որ 6-0 արդիւնքով կը յաղթէր Իրանի ներկայացուցիչ Իլիա Ալիխանիի, տուշէով կրցաւ ժամանակէն առաջ աւարտել մրցումը:

Մխիթարեան իր առաջին մրցումին 3-1 արդիւնքով յաղթած էր մոլտովացի Մաքսիմ Տամասքի, երկրորդ մենամարտին 11-6 արդիւնքով` ազրպէյճանցի Մուրատ Ալիեւի, քառորդ աւարտականին ռումանացի Եուսիֆ Զլոտարի (10-0), բայց կիսաւարտականին պարտուած էր Պիելոռուս Միխայիլ Մարքովսքիէն (1-8):

Leave a Comment