Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականի թիւ 1 Հայկ Մարտիրոսեան կը շարունակէ իր ելոյթները «Ռուպինշթայն Չես Ֆեսթիվըլ 2026» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին:
Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող այս մրցաշարքի երրորդ հանգրուանին, Հայկ Մարտիրոսեան սպիտակ քարերով կրցաւ յաղթել լեհ Եաքոպ Սիմանի: Մարտիրոսեան 1,5 կէտ ունի եւ առաջին դիրքէն ետ կը մնայ կէս կէտով միայն:
Այս յայտնի միջազգային մրցաշարքին կը մասնակցին 10 ներկայացուցիչներ, անիկա կը բաղկանայ 9 հանգրուաններէ եւ կ՛աւարտի կիրակի օր:
Մրցաշարքի առաջին դիրքը կը գրաւէ Սլովենիան ներկայացնող Վլատիմիր Ֆետոսեւ, որ 2 կէտ ունի: 2 կէտ ունին նաեւ լեհ Սիմոն Կումուլիարժ եւ Եան Մալեք, որ նոյնպէս լեհ է: