ՖԻՖԱ-ի գլխաւոր գործողութիւններու վարչական տնօրէն Քեւին Լեմոր իր դիրքէն հրաժարեցաւ քանի մը շաբաթ առաջ յայտնելէ ետք, թէ նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ յուսախաբ ըրած է իր խմբակիցները Մոնտիալի իրաւունքները ծախելու ծրագիրով:
Լեմոր, որ Ցիւրիխի (Զուիցերիա) գրասենեակը կը պաշտօնավարէր, ձեւով մը «հրաւիրեց» Ինֆանթինոն, որ զինք վտարէ իր պաշտօնէն, յայտարարելէ ետք, թէ իր խմբակիցներուն հետ համաձայն է` դէմ կանգնելու Մոնտիալի իրաւունքները ծախելու ծրագրին:
Լեմոր դժգոհ էր, որ Ինֆանթինօ նախապէս կարծիք չէր առած իր վարչական պատասխանատուներէն 20 միլիառ ամ. տոլարի փոխարէն Մոնտիալի կազմակերպչական աշխատանքները անձնական ներդրումի խմբակի մը յանձնելու հարցով` հաստատելով, որ այդ մէկը շատ վատ հետեւանք ունէր ֆութպոլին համար:
ՖԻՖԱ-ի մէկ բանբերը երկուշաբթի գիշեր յայտնած էր, որ ՖԻՖԱ-ի եւ Քեւին Լեմորի համագործակցութիւնը վերջ գտած էր:
«ՖԻՖԱ-ն շնորհակալութիւն կը յայտնէ Քեւինի` իր երկու տարուան աշխատանքին համար, մաղթելով, որ աւելի փայլուն օրեր կ՛ունենայ ապագային: Ոչ մէկ յաւելեալ մեկնաբանութիւն պիտի ըլլայ այս գծով», նշեց ՖԻՖԱ-ի մամլոյ յայտարարութիւնը:
Ինֆանթինօ կը փափաքի վերընտրուիլ ՖԻՖԱ-ի նախագահ, բայց հսկայ ճնշումի տակ կը մնայ, մանաւանդ որ ան այժմ իր դէմ ունի երեք ցամաքամասային ֆետերասիոններ` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն (Եւրոպայի), «Քոնքաքաֆ»-ը (Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Ամերիկայի) եւ «Էյ. Էֆ. Սի.»-ն (Ասիոյ):
Ինֆանթինօ, որ 2016-էն ի վեր ՖԻՖԱ-ի նախագահն է, իր 20 միլիառի առաջարկը ջնջեց, մանաւանդ երբ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն սպառնաց պոյքոթի ենթարկել ՖԻՖԱ-ի կազմակերպելիք բոլոր մրցաշարքերը:
Վեց արաբական երկիրներու ֆետերասիոններ իրենց հաւատարմութիւնը յայտնեցին Ինֆանթինոյին, որ մինչեւ 18 նոյեմբեր ժամանակ ունի գիտնալու, թէ այլ թեկնածուներ կա՞ն, թէ՞ ոչ: