Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Իսրայէլն ու Սուրիան համաձայնած են ապահովական հարցերու մէջ ներկայ կացութիւնը պահպանել, եւ Սուրիան թրքական ուժերուն Հալէպի մօտ օդուժի ռազմակայանի մը մէջ տեղակայուիլ արտօնելով այդ համաձայնութիւնը խախտելու եզրին էր: Իսրայէլ Սուրիան իրերայաջորդ կերպով զգուշացուց, թէ այդ տեղակայումը իր անվտանգութեան սպառնալիք պիտի ներկայացնէ, սակայն Սուրիան նախընտրեց այդ զգուշացումները անտեսել:

Նեթանիահուի գրասենեակը շեշտեց, թէ Իսրայէլ իր անվտանգութեան որեւէ սպառնալիք պիտի չհանդուրժէ եւ պիտի ողջունէ ներկայ կացութեան վերականգնումը:

Սուրիական դիւանագիտական աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հերքեց Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ ապահովական որոշ իրավիճակի մը շուրջ համաձայնութեան վերաբերեալ պնդումները:

ՊարաքՈւաշինկթըն Աշխատանք Կը Տանի Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Եւ Իսրայէլի Միջեւ Բախումը Արգիլելու Մեքանիզմի Մը Ստեղծման Շուրջ»

Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաք «Ռոյթըրզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց, որ Թուրքիան նախօրօք օդային յարձակումներուն վերաբերեալ զգուշացում մը չստացաւ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ հետեւի դէպի հիւսիս` դէպի իր սահման ուղղուող օդանաւերուն, եւ կրնար «տրամաբանական կերպով պատրաստուիլ իր սեփական հակադարձութեան»:

«Բարեբախտաբար, հանդարտ միտքերը կրցան կացութեան յաւելեալ վատթարացումը կանխարգիլել», ըսաւ ան:

Պարրաքի համաձայն, միջադէպը երեւան բերաւ կարիքը երեք կողմերուն միջեւ աւելի ազդու խողովակի ստեղծման` սխալ գնահատումը կամ զինուորական միջադէպի մը աւելի լայն ճակատումի վերածուիլը արգիլելու համար:

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակը նշեց, որ Ապու Զուհուր օդակայանին վրայ յարձակումները ցոյց տուին «ճիշդ կամ սխալ պատկերացում մը, թէ Թուրքիան մօտիկ ապագային այս ռազմակայանին մէջ իր ներկայութիւնը կրնայ աւելցնել»` աւելցնելով. «Կարիքը կայ Իսրայէլը, Սուրիան եւ Թուրքիան ներառող մեքանիզմի մը` բախումը կանխարգիլելու համար»:

«Մենք աշխուժ կերպով կ՛աշխատինք անոր ստեղծման վրայ», ըսաւ ան` շեշտելով, որ ներկայիս Միացեալ Նահանգներու առաջնահերթութիւնը «լարուածութեան մեղմացումն ու աւելի հաւասարակշռուած մօտեցումի առիթ ընծայելն է»:

Պարրաք ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն արդէն իսկ կը դիւրացնէ կողմերուն միջեւ տեղեկութիւններու փոխանակման եւ երկխօսութեան մեքանիզմ մը, սակայն ներկայիս պահանջուածը «աւելի տոկուն կառոյց մըն է, եւ անոր աւելի մեծ ներուժի տրամադրումը»:

Ամերիկացի պատուիրակին կարծիքով` հաղորդակցման ուղիներու մէջ ներդրում կատարելը շատ աւելի աժան է, քան դիմելը «շարժական հաղորդակցութեան» միջոցներու, այսինքն` զինուորական ուժի կիրարկման, որ կրնայ հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ արժել:

Թուրքիա Կը Դատապարտէ

Թուրքիան դատապարտած է Իսրայէլի կողմէ Հալէպի մերձակայ շրջաններուն հասցուած օդային հարուածները:

Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ հնչող անհիմն մեղադրանքներու նպատակն է օրինականացնել Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան դէմ ուղղուած անօրինական օդային հարուածները»:

Leave a Comment