Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ այս ամիս Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարներու ժողով մը պիտի գումարուի:
Նախարարութիւնը նշեց, որ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Իսհաքտար Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին անոնք շրջանային վերջին զարգացումներուն շուրջ կարծիքներու փոխանակում կատարած են, եւ երկու երկիրներուն միջեւ հասարակաց հետաքրքրութիւն եղող շրջանային ու միջազգային հարցերու շուրջ շարունակուող համակարգումի ծիրին մէջ քննարկած շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման ձգտող ջանքերը:
Ֆիտան հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին իր փաքիստանցի պաշտօնակիցը պաշտօնապէս հրաւիրած է մասնակցելու Փաքիստանի, Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ նախարարական շրջանային 4-րդ ժողովին, որ այս ամսուան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ մէջ:
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդունած է հրաւէրը եւ հաստատած իր մասնակցութիւնը` յայտնելով, որ իր երկիրը անհամբեր կը սպասէ այս քառակողմ հանդիպումին, որ տեղի պիտի ունենայ այնպիսի պահու մը, երբ շրջանին մէջ տեղի կ՛ունենան արագ զարգացումներ, որոնք ազդու պետութիւններուն միջեւ սերտ համագործակցութիւն ու համակարգում կը պահանջեն` հասարակաց մարտահրաւէրները դիմակայելու եւ խաղաղութեան ու կայունութեան առիթները ամրապնդելու համար: