Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր աւագ բանագնացներէն պահանջած է Իրանի հետ իրենց բանակցութիւնները դադրեցնել:
Աղբիւրը աւելցուցած է, որ ամերիկացի պաշտօնատարներ իրենց դաշնակիցներուն յայտնած են, թէ իրենց ռազմավարութիւնը փոխելով Իրանը աստիճանաբար խեղդելու անցնելու ընթացքի մէջ են:
Պաշտօնատարներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած են, թէ Թրամփ դժգոհ է, որ Թեհրան պատրաստ չէ իր պահանջներուն ընդառաջելու, եւ կը սպասուի, որ մօտ օրէն Իրանի դէմ աւելի խիստ պատժամիջոցներ հաստատուին:
Իրանեան վարչակարգին մէջ քննարկումներուն ծանօթ աղբիւրներ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին յայտնած են, թէ Թեհրան կը սերտէ Ուաշինկթընի հետ ճակատումի ծիրը Միջին Արեւելքէն դուրս ընդլայնելով հարաւարեւելեան Եւրոպայի մէջ, ներառեալ Պուլկարիոյ մէջ ամերիկեան զինուորական դիրքեր թիրախաւորելու հարցը:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ օրաթերթին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ նոր յարձակումի մը շղթայազերծման պարագային բրիտանական օդուժի ռազմակայան հիւրընկալող Կիպրոսը եւս նկատի առնուած է հաւանական թիրախներու շարքին:
Անոնք աւելցուցած են, որ իրանեան ուժերը անջատ կերպով քննարկած են Հորմուզի նեղուցի մէջ ստորջրեայ տեսամանրաթելային մալուխներու թիրախաւորումը:
«Այս սպառնալիքները Թեհրանի մէջ ծայրայեղական մթնոլորտ կ՛արտացոլեն», կը նշէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»` աւելցնելով, որ իրանեան վարչակարգին մէջ շատերու կարծիքով «պատերազմի վերսկսումը այլեւս հաւանականութենէ աւելի ժամանակի հարց է»:
ՕԹԱՆ-էն պաշտօնատար մը, անդրադառնալով «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի հրապարակած լուրին, յայտնեց, որ դաշինքը պատրաստ է որեւէ սպառնալիքի դէմ դնելու եւ դաշինքի բոլոր անդամները պաշտպանելու:
Աղբիւրներ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին յայտնեցին, որ ամերիկեան վարչակազմին կարծիքով` Օմանի իշխանութիւնները չափազանց շատ զիջումներ կատարած են Իրանի հետ Հորմուզի նեղուցին նկատմամբ վերահսկողութեան հարցով բանակցութիւններուն մէջ:
Լրատու գործակալութեան համաձայն, Միացեալ Նահանգները համաձայն չեն Իրանի եւ Օմանի միջեւ համաձայնեցուած պայմանագիրներու մէկ մասին: Մասնաւորաբար, Ուաշինկթընի դժգոհութիւնը կը յարուցէ երկու երկիրներուն միջեւ Հորմուզի նեղուց մուտքի եւ ելքի համատեղ վերահսկողութեան եւ նաւերու տէրերէն տարանցման համար գումարներ գանձելու համաձայնութիւնը:
Սպիտակ տան կարծիքով, Օմանը Իրանի հետ բանակցութիւնները բաւարար կարծրութեամբ չէ վարած:
Իրանեան զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Ալի Ապտելլահի նշեց. «Պարսից ծոցի հարաւային ծովեզերքին վրայ գտնուող երկիրները, որոնք տարբեր հաղորդագրութիւններով կը յայտարարեն, թէ Միացեալ Նահանգներուն չեն արտօներ իրենց հողերը Իրանի դէմ օգտագործել, պէտք է իմանան, թէ մեր աչքէն ոչինչ կը փախի»:
«Այս թիւով պատերազմական օդանաւերու, մասնաւորաբար վառելանիւթով մատակարարման օդանաւերու շրջանային ռազմակայաններու մէջ առանց հիւրընկալող պետութիւններու տեղեկութեան գոյութիւնը անհաւանական կը նկատուի», նշեց ան:
Ապտելլահի զգուշացուց, թէ ամերիկեան ուժերուն տրամադրուած որեւէ օգնութիւն կամ դիւրութիւն «ամերիկեան զինեալ ուժերուն հետ մեղսակցութիւն կը նկատուի»: