Ակնարկ. Իսրայէլի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Մեքանիզմի Առաջարկը

Սուրիական տարածքին վրայ թրքական թիրախներու դէմ Իսրայէլի գործած յարձակումը Անգարա-Թել Աւիւ լարուածութեան նոր աստիճանաչափ կը գրանցէ: Միջնորդաւորուած բախումներ` գործող իշխանութիւններու յարող զինեալ խմբաւորումներու եւ տիւրզիներու ճամբով արձանագրուած էին: Հիմա ուղղակի թրքական ռազմակայան է, որ կը հարուածուի իրավիճակին հաղորդելով նոր բնոյթ:

Այս քայլով Իսրայէլ կը փորձէ ցոյց տալ, որ թրքական նոր յենակէտեր տրամադրելու Դամասկոսի որոշումին կտրուկ դէմ է: Պաշտօնական Թել Աւիւը յայտնած է, որ Սուրիան այս ձեւով փոխըմբռնման հասկացողութիւնը խախտած է` անտեսելով իսրայէլեան զգուշացումները:

Ուշագրաւ է Ուաշինկթընի դիրքորոշումը: Ըստ անոր, Ուաշինկթըն աշխատանք կը տանի Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ բախումը արգիլելու մեքանիզմի մը ստեղծման շուրջ: Մինչ, Իսրայէլ քանի մը առիթով յայտարարած էր, որ իր այս գործողութեան համար նախապէս տեղեակ պահած էր Ուաշինկթընը: Նոյնքան ուշագրաւ է ամերիկացի պատուիրակին յայտարարութիւնը առ այն, որ Թուրքիան զգուշացուած չէր յարձակումէն: Այս կ՛ենթադրէ, որ Ուաշինկթըն տեղեակ պահուած ըլլալով իր հերթին չէր տեղեկացուցած Թուրքիան նման զարգացումէ մը, եթէ ընդունինք յայտարարութեան հաւաստիութիւնը եւ բացառենք այս բոլորին համաձայնեցուած ըլլալու վարկածը:

Մեքանիզմը կը նշանակէ կանխարգելիչ ձեւաչափ: Քաղաքական բանականութիւնը կը յուշէ, որ Ուաշինկթըն նախ կանաչ լոյս տուած է իսրայէլեան հարուածներուն, ապա յայտարարած, որ անհրաժեշտ է գործիքակազմ մը, որպէսզի հարուածները չշարունակուին եւ բախումներու չվերածուին իր երկու դաշնակից պետութիւններուն միջեւ:

Թրքական ռազմակէտերու տեղակայումը արտօնուած է: Արտօնուած է նաեւ իսրայէլեան հարուածը: Հիմա ալ անհրաժեշտ է մեքանիզմի կազմութիւնը: Մեքանիզմի կառոյցն ու բաղադրութիւնը սակայն յստակ չեն: Կ՛ենթադրուի սակայն, որ ամերիկեան դերակատարութիւն կ՛ակնկալուի վերահսկողութեան տակ առնելու համար կացութիւնը, յաւելեալ զարգացումներ կանխարգիլելու համար:

Ընդհանուր պատկերը պէտք է վերյիշել ամէն անգամ, որ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ շահերը բեմադրական թէ իրողական բախումներ կ՛արձանագրեն: Սուրիոյ վարչակարգի փոփոխութենէն ետք ամէնէն նպաստաւորուած պետութիւնները Իսրայէլն ու Թուրքիան են, որոնք ձեւաւորած են անվտանգային գօտիներ սուրիական տարածքներու վրայ: Այդ գօտիներու ձեւաւորումը կայացած է ամերիկեան վերահսկողութեամբ եւ տնօրինումով նոյնիսկ: Անվտանգային հարթութեան վրայ շահերու բախումն ու նոյնիսկ հարուածները կ՛արձանագրուին նոյն վերահսկողին գիտութեամբ, համաձայնութեամբ: Մեքանիզմի յանգին թէ ոչ, յամենայն դէպս Միացեալ Նահանգներու ուժերը կը շարունակեն վերահսկել սուրիական տարածքներու վրայ ռազմավարական եւ ուժանիւթային  նշանակութիւն ունեցող տարածքներ եւ գօտիներ:

Ընդհանուր պատկերին վրայ կեդրոնացած մանրադիտակը ցոյց կու տայ ամերիկեան, իսրայէլեան եւ թրքական գօտիներ: Բախման թէ համակարգուող կէտերով: Այս դրուածքը ուժերու փոխհակակշռման մեքանիզմ կ՛ենթադրէ: Ա՛յդ մեքանիզմի մասին է շատ հաւանաբար, որ կ՛ակնարկէ ամերիկացի պաշտօնատարը:

«Ա.»

Leave a Comment