ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մշակոյթ եւ շտապ հարցեր բաժինի տնօրէն Քրիսթա Փիքքաթին յղեց նամակ մը` անոր ուշադրութեան յանձնելով բռնագրաւուած Հատրութի 17-րդ դարուն կառուցուած Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ սրբապղծման պարագան:
Հայ դատի մարմինը հաղորդեց, թէ 1621-ին կառուցուած եկեղեցին սրբապղծուած է, անոր ներքին պատերուն վրայ կատարուած են գրառումներ, այդ պատերը նաեւ վնասուած են, իսկ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայէն խաչը վերցուած է:
«Ասիկա պատահական դէպք մը չէ, այլ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու շարունակական, պետականօրէն ղեկավարուող արշաւի մը մէկ մասը», նշեց Լիբանանի Հայ դատի մարմինը:
Հայ դատի մարմինը Փիքքաթի յիշեցուց Ստեփանակերտի մէջ Սուրբ Աստուածամօր Հովանիի մայր տաճարի հիմնայատակ քանդման վերաբերեալ 23 ապրիլին անոր իր յղած նամակը` նշելով, որ օրին տաճարի կողքին վերացուած են նաեւ անոր շրջապատին մէջ գտնուող խաչքարեր, որոնք ներառուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական ժառանգութեան ցանկին վրայ:
Նշենք, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պաշտօնատարը օրին Լիբանանի Հայ դատի մարմինին պատասխան -նամակ մը յղելով խնդրած էր ի պահանջել հարկին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի իրաւասութեան ծիրին մէջ գտնուող յաւելեալ տեղեկութիւններ տրամադրել:
«Ցաւօք, Ազրպէյճանը կը շարունակէ գործել` ամբողջովին անտեսելով Միջազգային դատարանի դեկտեմբեր 2021-ի ժամանակաւոր որոշումը, որ Ազրպէյճանէն կը պահանջէր դադրեցնել հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը», եզրափակեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը:
Հայ դատի մարմինը նամակին կցեց Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ սրբապղծումը փաստագրող տեսագրութեան կապը: