Իզէտտին. «Ալի Թահերը Դիմադրութեան Հիմնական Դիրքերէն Է, Դիմադրութիւնը Անկէ Պիտի Չհրաժարի Եւ Զայն Իր Ամբողջ Կարողութեամբ Պիտի Պաշտպանէ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզէտտին նշեց. «Ալի Թահերը ճակատամարտի դրդապատճառը չէ: Ճակատումին դրդապատճառը ամբողջ Հարաւի եւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցածն է»:

«Ալի Թահերը հիմնական դիրքերէն մէկն է Դիմադրութեան, որ անկէ պիտի չհրաժարի, եւ որեւէ թշնամական արարքի դէմ պիտի դնէ իր ունեցած բոլոր կարելիութիւններով ու կարողութիւններով, ինչպէս նաեւ իր ազգային պարտականութիւնը պիտի կատարէ, եթէ Իսրայէլ այս դիրքին վրայ յարձակում գործէ, եւ եթէ Իրանէն օգնութիւն գայ, ապա յաւելեալ դրական ազդակ պիտի ըլլայ», ըսաւ երեսփոխանը:

«Իրանը, իր անսասանութեան եւ դիմադրողականութեան միջոցով, ուժի եւ հզօրութեան ուղերձ կը յղէ շրջանին եւ նոր հաւասարակշռութիւն ստեղծած է Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վերաբերեալ, եւ տակաւին կրնայ նոր հաւասարակշռութիւն ստեղծել Ալի Թահերի վերաբերեալ», նշեց Իզետտին:

«Շրջագծային համաձայնագիրը որեւէ օգուտ պիտի չտայ, որովհետեւ մեռելածին է եւ անարժէք` ներկայացնելով գերիշխանութեան խախտում եւ Լիբանանին բերելով նուաստացում, ամօթ, անպատուութիւն եւ թուլութիւն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Փողոցի զայրոյթը կայ, գոյութիւն ունի եւ կը շարունակուի, սակայն ատոր կիրարկումը կը սպասէ յարմար ժամանակի եւ հանգամանքներու»:

«Իշխող քաղաքական իշխանութիւնը տակաւին չէ հրապարակած քաղաքական որոշումը` լիբանանեան բանակին թշնամիին դիմակայելու, բանակը զինելու եւ զայն կարելիութիւններով ու ներուժով յագեցնելու վերաբերեալ, որովհետեւ մենք կանգնած ենք քաղաքական իշխանութեան մը առջեւ, որ կը տատանի, դաւադիր է եւ կամքէ զուրկ, ազգային որոշումի եւ ուժի բոլոր տարրերը կորսնցուցած», ըսաւ ան:

«Նեթանիահու այժմ յայտնուած է իր քարոզարշաւը յառաջ մղելու համար ամէն գնով Ալի Թահեր բարձունքը վերահսկելու ճամբով ձեռքբերման գերիի իրավիճակին մէջ, եւ Դիմադրութիւնը դէմ պիտի դնէ, որեւէ պարագայի ճերմակ դրօշ պիտի չպարզէ, եւ դաշտային կացութիւնը պիտի ճշդէ ճակատամարտին բնոյթը», յայտնեց երեսփոխանը:

Անդրադառնալով Հըզպալլայի եւ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի միջեւ յարաբերութեան կարգաւորման` Իզէտտին նշեց. «Թուրքիան նախաձեռնութիւն մը ունի, եւ անոր բովանդակութեան ծանօթանալէ ետք կ՛որոշենք»` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի եւ թրքական կողմին միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ դրական մթնոլորտ կը տիրէ:

 

Leave a Comment