Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ ուրախ է, որ Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան ու Փաքիստանը «Մեքքայի միացեալ պաշտպանութեան համաձայնութիւն»-ը ստորագրած են:
Ան ըսաւ, թէ այս համաձայնութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ մերձեցման իրավիճակ մը կ՛արտացոլէ:
Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց, որ համաձայնութիւնը ցոյց տուաւ, թէ երկիրները ինչպէ՛ս կրնան իրենք զիրենք պաշտպանել:
Թրամփ Մեքքայի համաձայնագիրը նկատեց Սէուտական Արաբիոյ, Փաքիստանի եւ Թուրքիոյ մէջ «նախնական յանդուգն, մեծ եւ կարեւոր քայլ մը»:
Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ յայտնեց, որ իր երկիրը Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ հետ պիտի շարունակէ Փաքիստանի եւ ամբողջ շրջանի պաշտպանութեան երաշխաւորման մէջ դրական դերակատարութիւն ունենալ: Ան այս մասին յայտնեց` մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը:
Փաքիստանի վարչապետը բարձր գնահատեց Թրամփի «քաջարի եւ վճռական ղեկավարութիւնը»` նշելով, որ ատիկա նպաստեց «Հարաւային Ասիոյ մէջ հիւլէական աղէտէ մը խուսափելուն եւ միլիոնաւոր կեանքերու փրկութեան»:
Շարիֆ ըսաւ, որ տեւական խաղաղութիւնը շրջանի ժողովուրդներուն «պայծառ ու բարգաւաճ ապագայի համար հիմնական պայման» կը ներկայացնէ: