Իրան – Միացեալ Նահանգներ Վերջնական Համաձայնութեան Հասնելու 60-Օրեայ Պայմանաժամը Վերջ Գտաւ

Երէկ վերջ գտաւ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ վերջնական համաձայնութեան հասնելու համար Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագիրին ճշդած 60-օրեայ պայմանաժամը:

Այս ընթացքին, սակայն, կայուն հանդարտութիւն չտիրեց: Արդարեւ, յուշագիրի ստորագրութենէն ետք զինուորական գործողութիւնները ժամանակաւորապէս դադրեցան, ապա բախումներն ու փոխադարձ յարձակումները վերսկսան, նախքան ճակատումի սրութիւնը անգամ մը եւս նուազիլը:

Մինչ այդ, դիւանագիտական քայլերը փոխադրուեցան Իրանի եւ Օմանի միջեւ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկման նոր դասաւորումներու շուրջ բանակցութիւններու մակարդակ:

Իրանն ու Միացեալ Նահանգները անցնող շաբաթներուն զիրար ամբաստանեցին Իսլամապատի մէջ գոյացած փոխըմբռնման յուշագիրը խախտելու յանցանքով:

Միացեալ Նահանգներ չվերցուցին Իրանի դէմ իրենց հաստատած ծովային շրջափակումը, իսկ Իրան կառչած մնաց Հորմուզի նեղուցի փակման, իսկ անոր վերաբացումը շրջափակման վերացման ու իր սառեցուած գումարներու ապասառեցման կապելուն:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց. «Իրանի դիմացկունութիւնը թշնամիներուն հաշիւները ձախողութեան մատնեց», եւ նշեց, որ կը շարունակուին հաղորդակցութիւնները Քաթարի հետ, «որ հանդարտեցման ներկայ ջանքերուն մէջ ազդու դերակատարութիւն ունի»:

Պաղայի յայտնեց, թէ ամերիկեան կողմին հետ Իրանի ստորագրած փոխըմբռնման յուշագիրը 60-օրեայ պայմանաժամ չի ներառեր:

Ան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ «ստորագրուելէն քանի մը շաբաթ ետք խախտեց փոխըմբռնման յուշագիրի կէտերը»:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆ նշեց. «Պէտք է հասնինք զսպման մակարդակի մը, ուր պատերազմ, ապա խաղաղութիւն, ապա պատերազմի վերսկսում ոլորապտոյտին մէջ չենք իյնար»:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած են, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը փոխըմբռնման յուշագիրի ստեղծած հանդարտ կացութիւնը օգտագործած է շրջանին մէջ «դաշնակից խմբաւորումներուն» հետ անհրաժեշտութեան պարագային յարձակումներու աշխուժացման ենթահողը պատրաստելու:

Ըստ օրաթերթին, Իրան խորհրդականներ ուղարկած է Իրաք, Եմէն եւ Լիբանան` քննարկելու համար ծրագիրները:

Օրաթերթը կը նշէ, որ արաբական հետախուզական կառոյցներու պաշտօնատարները Իրանի եւ իրենց երկիրներուն մէջ գտնուող անոր դաշնակից խմբաւորումներուն միջեւ հաղորդակցութիւններ ներառող ապացոյցներ նկատած են:

Աղբիւրները կը նշեն, որ ատիկա իրանեան «ծայրայեղական ղեկավարութեան» մէջ շրջադարձ մըն է, որուն նպատակը իր ուժերը պատերազմի տարողութիւնը մեծցնելու մղելու եւ Միացեալ Նահանգներուն կրելիք վնասները աւելցնելու պատրաստելն է:

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին, անցեալ յուլիսին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրումէն ետք, ամերիկեան վարչակազմի պատասխանատուները աշխատանք տարած են Հորմուզի նեղուցին վերաբացման յանգեցնող համաձայնութեան հասնելու եւ պատերազմին աստիճանաբար վերջ տալու աջակցութեան ապահովման համար:

Իրանցի եւ արաբ պաշտօնատարներ օրաթերթին աւելցուցած են. «Ատոր դիմաց իրանցի պաշտօնատարները ժողով գումարեցին տարբեր ծրագիր մը մշակելու համար», որովհետեւ համաձայնութիւնը միայն Ուաշինկթընի ու Թել Աւիւի կողմէ միջազգային տնտեսութեան վրայ ճնշումը մեղմացնելու եւ ապագային աւելի մեծ յարձակում մը շղթայազերծելու համար ժամանակ շահելու փորձ մը նկատեցին:

«Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակազմը Իրանի հետ բանակցութիւններու ընթացքին Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար Ահմետ Ուահիտիի հետ ստեղծած է գաղտնի եւ ուղղակի կապ մը` Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Նեճիրֆան Պարզանին օգտագործելով իբրեւ միջնորդ: Այդ քայլին դիմուած է Ուաշինկթընի մօտ գոյացած այն կասկածէն ետք, թէ իրանցի բանագնացները իսկապէս որոշում տալու լիազօրութիւն չունին:

Հաղորդակցութիւններուն ուղղակի կերպով ծանօթ երեք աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են, թէ չյայտարարուած քայլը կատարուած է մայիսի կիսուն` Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի պատերազմին վերջ տալու համաձայնութիւն գոյացնելու փորձերու ընթացքին:

Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի կառավարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ երկու անօդաչու թռչող սարքեր երէկ յարձակում գործած են մարզի վարչապետի եւ պաշտպանութեան ծառայութեան պետի կեցութեան վայրին վրայ` աւելցնելով, որ յարձակումներուն աղբիւրը Իրանն է:

Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի վարչապետ Մասրուր Պարզանի բուռն կերպով դատապարտեց «այս անպատասխանատու եւ անընդունելի յարձակումները», որոնք «վտանգաւոր մագլցում են եւ մարզի անվտանգութեան ու կայունութեան ուղղակի սպառնալիք մը»` շեշտելով. «Այս յարձակումները մեր պարտականութիւնը կատարելէ եւ մեր քաղաքացիները պաշտպանել շարունակելէ ետ պիտի չպահեն»:

Քոնկրեսի նախկին անդամ Մարճըրի Թէյլըր Կրին յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմէն պաշտօնատարներ «ռազմավարական ժողովներու» ընթացքին Իրանի դէմ հիւլէական ռումբի կիրարկման կարելիութիւնը կը քննարկեն` աւելցնելով. «Չեմ ենթադրեր, այլ գիտեմ: Ասիկա զուտ չարիք է»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Առաջին նպատակը միշտ պիտի մնայ այն, թէ Իրան որեւէ ձեւի, երեւոյթով կամ պատկերով հիւլէական զէնք պիտի չունենայ»:

Թրամփ Կը Սպառնայ Օմանը
Ռմբակոծել Եւ Ամբողջովին Քանդել

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իրանի վերաբերեալ ժամանակացոյց մը չունիմ եւ աճապարուած չեմ: Իրանի Յեղափոխական պահակագունդէն պաշտօնատարներու հետ անուղղակի հաղորդակցութեան խողովակներ գոյութիւն ունին»: Ան այս մասին յայտնեց ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

«Իրան պէտք է ճերմակ դրօշ բարձրացնէ եւ իր անձնատուր ըլլալը յայտարարէ», ըսաւ ան:

«Եթէ Օմանը մեզի արգելք կանգնի, զայն պիտի ռմբակոծենք ու ամբողջովին քանդենք», յայտարարեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Իրանեան կողմը լաւ բաղդախաղ խաղցող է, սակայն իր վերջին շունչը կը փչէ», նշեց ան:

«Միջանկեալ ընտրութիւնները բացարձակապէս չեն ազդեր Իրանի վերաբերեալ մտածումիս վրայ», ըսաւ ան` նշելով. «Ամերիկեան ծովային շրջափակումը կը շարունակէ իրանեան վարչակարգին վրայ տնտեսական նոր ճնշումներ բանեցնել»:

Միւս կողմէ, Թրամփ նշեց. «Իսրայէլ ներկայիս պէտք չէ Կազայի վրայ յարձակում շղթայազերծէ»` աւելցնելով. «Համաս շարժումի զինաթափման հարցին մէջ դրական յառաջընթաց գոյութիւն ունի, եւ շարժումին հետ յատուկ յարաբերութիւններ ունինք», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

«Կը կարծեմ, թէ աւելի յարմար է, որ իսրայէլեան ընտրութիւններէն հեռու մնամ, սակայն կրնամ անձի մը զօրակցիլ», ըսաւ Թրամփ:

 

 

Leave a Comment