Նախագահ Աուն Ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Առաքելութեան Երկարաձգումը Պահանջող Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը. Բագրատունի Կը Զգուշացնէ Ազրպէյճանի Մասնակցութենէն

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց երեսփոխանական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան:

Երեսփոխան Խալաֆ հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անունով յայտարարեց, որ իրենք կառչած կը մնան ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հարաւային Լիբանան մնալուն, որպէսզի այդտեղ որեւէ բաց չստեղծուի` նկատի ունենալով իսրայէլեան հեռացումը հաստատելու, անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու եւ պետութեան գերիշխանութեան տարածման մէջ բանակին թիկունք կանգնելու դերակատարութիւնը:

Ան նշեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հարաւային Լիբանանի մէջ պահպանումը պահանջող դիմումը կը կրէ 86 երեսփոխաններու ստորագրութիւնը, եւ նախագահին այցելութեան մասնակցած են տարբեր ուղղուածութիւններէ եւ պլոքներէ 20 երեսփոխաններ:

Երեսփոխանը նշեց, որ հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է նշեալ թղթածարին կարեւորութիւնը, եւ պատուիրակութիւնը դրած իր կատարած միջազգային աշխատանքներու ծիրին մէջ:

«ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգումի ձախողելուն պարագային պէտք է Հարաւի մէջ որեւէ կարելի ձեւաչափով միջազգային ուժ պահպանել, Ապահովութեան խորհուրդի անդամներու եւ միջազգային ուժերուն մասնակցող երկիրներու գործողութիւններու համընթաց քայլերով» ՄԱԿ-ի դրօշին ներքեւ, յայտնած է նախագահ Աուն:

Միջազգային ուժերու մասնակցութեան շուրջ ուղղուած հարցումի մը պատասխանելով` նախագահը ըսած է. «Անկեղծօրէն մասնակցութեան պատրաստակամութիւն ունեցող պետութիւններու շուրջ կ՛իմանանք լրատուական միջոցներէն միայն, եւ ցարդ ոչ մէկ պաշտօնական խօսակցութիւն եղած է»:

Աւելի ուշ, նախագահական պալատը հաղորդեց, որ հանրապետութեան նախագահը ողջունած է ՖԻՆԻՒԼ-ի լիազօրութիւնը երկարաձգելու երեսփոխանական նախաձեռնութիւնն ու դիմումը` նշելով. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Հարաւի մէջ ներկայութիւնը բազմաթիւ առումներով կարեւոր է եւ կը նպաստէ բնակիչներուն իրենց գիւղերուն ու գիւղաքաղաքներուն մէջ հաստատման, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին հետ գործակցաբար եւ համակարգումով կայունութեան ամրապնդման»:

«Մեր առաջին ընտրանքը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու լիազօրութեան երկարաձգումն է, եւ եթէ չերկարաձգուի, ապա երկրորդ ընտրանքը որդեգրելն է ձեւաչափ մը, որ կ՛երաշխաւորէ միջազգային ուժերու հարաւային Լիբանանի մէջ անհրաժեշտ իրաւական շրջագիծի մէջ ներկայութիւնը, եւ ուր այդ ուժերը կ՛ըլլան լիբանանեան բանակին կողքին եւ անոր հետ համակարգումով` կայունութեան եւ անոնց վրայ դրուած խնդիրներու իրականացման նպաստելու համար», ըսած է ան:

«Իսրայէլ կը մերժէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ներկայութիւնը, եւ շուրջ մէկ տարիէ ի վեր այդ ուղղութեամբ ճնշում կը բանեցնէ, մինչ մենք անոնց մնալը կը պահանջենք: Հիմնական գաղափարը յառաջացնելն է բեկում մը, որ կ՛երաշխաւորէ հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային ներկայութիւնը, ըլլայ այդ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու երկարաձգումով կամ անոնց աջակցող միջազգային ուժերու միջոցով, այնպէս մը, որ պահպանուի կայունութիւնը եւ ամրապնդուի Լիբանանի պետութեան ու բանակին դերը», նշած է նախագահ Աուն:

Երեսփոխանական պատուիրակութիւնը նաեւ այցելեց վարչապետարան, ուր իր դիմումէն օրինակ մը յանձնեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամին:

Վերջինս երեսփոխաններուն շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց նախաձեռնութեան համար եւ վերահաստատեց. «Լիբանանեան պաշտօնական դիրքորոշումը կառչած կը մնայ կարիքին ներկայութեանը հարաւային Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ուժի մը, որ երեք հիմնական առաքելութիւն ունի` հսկողութիւն, զեկուցում, համակարգում եւ հաղորդակցութիւն»:

«ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, անոր Պէյրութ այցելութեան եւ ատոր յաջորդած հաղորդակցութիւններուն ընթացքին փոխանցեցի այս առնչութեամբ Լիբանանի յստակ դիրքորոշումը, եւ ան հասկացողութիւն ցուցաբերեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ին յաջորդող ՄԱԿ-ի ուժի մը ներկայութեան շարունակման կարիքին նկատմամբ, ինչ որ արտացոլացուց նաեւ այս առնչութեամբ անոր վերջին զեկուցումը:

Երեսփոխան Բագրատունի դիտել տուաւ, որ որեւէ ուժ կամ զինուորական հետազօտող պետութեան ընտրութեան պարագային պէտք է նկատի ունենալ անոր յարաբերութիւնը Իսրայէլի հետ եւ առաւելագոյն չափով պէտք է աշխատիլ չափաւոր կեցուածք ունեցող պետութիւններ ներառել: Առ այդ, կարելի չէ Ազրպէյճանի մասնակցութիւնը ընդունիլ` նկատի ունենալով անոր անմիջական զինուորական եւ քաղաքական խոր գործակցութիւնը Իսրայէլի հետ: Բագրատունի դիտել տուաւ, որ արդէն Թուրքիա մաս կը կազմէ ՄԱԿ-ի ուժերուն:

Leave a Comment