Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց «Թասք Ֆորս Ֆոր Լեպանոն» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Էտուըրտ Կըպրայէլի, եւ յայտնեց, թէ Լիբանան կը սպասէ բանակցութիւններու նոր փուլին, «որպէսզի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է յառաջընթաց արձանագրել»:
«Այս նախաձեռնութեան դիմեցինք եւ անոր յանձնառու ենք, որովհետեւ նախապէս երկու ընտրանքի առջեւ էինք. կա՛մ պատերազմը, կա՛մ դիւանագիտութիւնը: Անոնցմէ բացի երրորդ ընտրանք գոյութիւն չունի, եւ պատերազմը վստահօրէն որեւէ արդիւնքի պիտի չյանգի: Ուստի ժամանակն է, եւ այս կացութիւնը կրնանք միայն դիւանագիտութեան ճամբով կարգաւորել», ըսաւ ան:
«Իսրայէլացիները կը կարծեն, թէ ուժի կիրարկումով, կամ զուտ զինուորական ուժի ճամբով պիտի կարենան իրենց նպատակին հասնիլ, սակայն պիտի չկարենան իրենց նպատակները իրագործել», յայտնեց նախագահը:
Անդրադառնալով Իրանի հետ յարաբերութիւններուն` ան վերահաստատեց, որ անհրաժեշտ է մշակել պետութենէ պետութիւն յարաբերութիւններ, որոնք հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի եւ իրարու հարցերուն չմիջամտելու վրայ:
Նախագահ Աուն եզրափակեց շեշտելով, որ Լիբանանը Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց շահերուն համար շատ կարեւոր է, եւ կարելի չէ շրջանին մէջ կայունութիւն հաստատել` առանց Լիբանանի մէջ կայունութեան ու լիբանանեան բանակին աջակցելու: