Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնի եւ Դանիոյ վարչապետ Մեթթէ Ֆրետերիքսեն միացեալ յայտարարութեամբ նախազգուշացուցած են դէպի Եւրոպա «չվերահսկուող գաղթի» վտանգներու մասին` կրկին կոչ ուղղելով Եւրոպական Միութեան տարածքէն դուրս ստեղծելու այսպէս կոչուած «վերադարձի կեդրոններ», ուրկէ մերժուած ապաստան հայցողները պիտի ուղարկուին իրենց հայրենի երկիրներ:
«Ոչ ոք կրնայ հերքել, թէ անօրինական ներգաղթը բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ մեր հասարակութիւններուն վրայ` յանգեցնելով յանցագործութեան աճի, հանրային ծառայութիւններու վրայ ճնշումի աճի եւ հասարակութեան վստահութեան նուազման», «Ինսթակրամ»-ի վրայ գրած է Ֆրետերիքսեն:
Եւրոպական Միութեան երկու միակ կին վարչապետները պնդած են, որ պէտք է կեանքի կոչել «Եւրոպական Միութեան անդամ չեղող երրորդ երկիրներու մէջ վերադարձի կեդրոնները»:
Իտալական յառաջատար «Քորիերէ Տելլա Սերա» օրաթերթը վերջերս գրած էր. «Իտալիան կ՛առաջարկէ Եւրոպական Միութեան տարածք ներթափանցած անօրինական ներգաղթեալներ ուղարկել երրորդ երկիրներ, ներառեալ Հայաստան»:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած էր, որ հայկական կողմին Իտալիոյ առաջարկով Հայաստանի մէջ ապօրինի ներգաղթեալներու ճամբար ստեղծելու մասին որեւէ տեղեկութիւն յայտնի չէ: