Սպանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Յայտարարէ. «Հիւսիսային Ափրիկէի Մէջ Սապթա Եւ Մալիլա Քաղաքներուն Վրայ Սպանիոյ Գերիշխանութիւնը Քննարկումի Նիւթ Չէ»

Սպանիոյ պաշտպանութեան նախարար Մարկարիթա Ռուպլես յայտնեց, որ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Սապթա եւ Մալիլա քաղաքներուն վրայ Սպանիոյ գերիշխանութիւնը «քննարկումի նիւթ չէ»: Ան այդպիսով պատասխանեց Մարոքի արդարադատութեան նախարար Ապտելլաթիֆ Ուեհպիի յայտարարութեան, որուն մէջ ան երկու քաղաքներուն վրայ Ռապաթի գերիշխանութեան հաստատման պահանջը կը կրկնէր:

Սպանացի նախարարը Սապթա այցելութեան ընթացքին նշեց, որ երկու քաղաքները «բացառապէս սպանական են, եւ անոնց կարելի չէ ձեռք տալ»` աւելցնելով. «Սապթայի եւ Մալիլայի վրայ որեւէ յարձակում ամբողջ Սպանիոյ վրայ յարձակումի նման է:

Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ երկրին հողային ամբողջականութիւնը «որեւէ կողմի հետ չքննարկուեցաւ եւ երբեք պիտի չքննարկուի»:

Նշենք, որ Մարոք 1956 թուականին անկախանելէն ի վեր Սապթայի եւ Մալիլայի վրայ իր գերիշխանութեան տարածումը կը պահանջէ` զանոնք նկատելով Սպանիոյ կողմէ բռնագրաւուած շրջաններ, իսկ Սպանիան կը շեշտէ, թէ երկու քաղաքները իր հողերուն անբաժանելի մասն են:

 

Leave a Comment