Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ Եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց լուսանկար մը` «Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթիի, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհանի միջեւ Ալալամէյն քաղաքին մէջ եղբայրական հանդիպումին, որուն ընթացքին նախարարները քննարկեցին շրջանի կացութեան զարգացումները»:

ԱպտելաթիՖիտան Հանդիպում

Ապտելաթի Ալալամէյն քաղաքին մէջ ընդունեց Ֆիտանը: Անոնք նախագահեցին Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ միջեւ միացեալ ծրագրաւորման խմբակի երկրորդ ժողովի նիստը` 2026 թուականի փետրուարին Գահիրէի մէջ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախագահութեամբ երկու երկիրներուն միջեւ Բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի երկրորդ նիստի արդիւնքներու իրականացման հետագայ քայլերուն ծիրին մէջ:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ ժողովը անդրադարձած է 2024 թուականին երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան հիմամբ, երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական, առեւտրական ու ներդրումային յարաբերութիւնները բարձրացնելու եւ առեւտրական շրջանառութիւնը 15 միլիառ տոլարի բարձրացնելու կարելիութիւններուն:

Նախարարութիւնը նշեց. «Ինչ կը վերաբերի շրջանին, երկու նախարարները իրենց պատկերացումները ներկայացուցին հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու ու զարգացումներու վերաբերեալ եւ ընդգծեցին երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմ մակարդակի, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի, Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Փաքիստանի միջեւ քառակողմ մակարդակի վրայ սերտ համակարգումը շարունակելու կարեւորութիւնը` աջակցելու համար շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման ձգտող ջանքերուն»:

«Խորհրդակցութիւնները նաեւ անդրադարձան շրջանին մէջ լարուածութեան սրման նուազեցման եւ զսպման ջանքերուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու դիւանագիտական լուծումներու որոնման, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրը յարգելու ջանքերուն», նշեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Հանդիպումէն ետք, միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, պատասխանելով Միացեալ պաշտպանութեան Մեքքայի համաձայնագիրին Եգիպտոսի միանալու կարելիութեան վերաբերեալ հարցումի մը, Ապտելլաթի ըսաւ. «Եգիպտոս երկկողմանի մակարդակի վրայ իւրայատուկ յարաբերութիւններ ունի թէ՛ Սէուտական Արաբիոյ, թէ՛ Փաքիստանի, թէ՛ Թուրքիոյ հետ, եւ ատիկա միայն քաղաքական ոլորտով սահմանափակուած չէ»` շեշտելով. «Եգիպտոս նախանձախնդիր է երեք երկիրներուն հետ երկկողմանի յարաբերութիւններուն»:

«Երբ խօսքը կը վերաբերի պաշտպանական հարցերուն մէջ համագործակցութեան, եւ այս առումով կան պարտաւորութիւններ, բնական է, որ ատիկա կը պահանջէ բազմազան ուսումնասիրութիւններ` հաշուի առնելով Եգիպտոսի սահմանադրութիւնը եւ իրաւական պարտաւորութիւնները: Հետեւաբար, մենք սկիզբէն տեղեակ եղած ենք այս հարցէն, եւ անիկա այդ ժամանակէն ի վեր ուսումնասիրուած է տարբեր տեսանկիւններէ` եգիպտական պետութեան համապատասխան հաստատութիւններուն միջոցով», նշեց եգիպտական դիւանագիտութեան պետը:

«Անշուշտ, շրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ կան բազմաթիւ գաղափարներ եւ նախաձեռնութիւններ` հաշուի առնելով ատոր առջեւ ծառացած աննախադէպ մարտահրաւէրները, եւ մենք շատ լուրջ կը վերաբերինք այդ նախաձեռնութիւններուն եւ գաղափարներուն: Բայց եւ այնպէս, իրաւական եւ սահմանադրական նկատառումներէն մեկնելով, անոնք խորութեամբ կ՛ուսումնասիրուին` համապատասխան որոշում տալու համար», նշեց Ապտելաթի` աւելցնելով. «Մենք երեք եղբայրական երկիրներուն հետ ամբողջական համակարգում կը կատարենք»:

 

 

Leave a Comment