Թոքիոյի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճորճ Կլաս յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ կը ճանչնան Ռուսիոյ հետ վիճելի Քուրիլեան կղզիներուն վրայ Ճափոնի գերիշխանութիւնը:
«Միացեալ Նահանգները հաստատօրէն կը մնան մեր կարեւորագոյն դաշինքին աջակցութեան եւ Հիւսիսային հողերուն վրայ ճափոնական գերիշխանութեան ճանաչման վրայ», ըսաւ դեսպանը` Քուրիլեան կղզիներու ճափոնական անունը օգտագործելով:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հինգշաբթի օր վիճելի տարածք այցելած էր` յառաջացնելով Ճափոնի բողոքը:
«Այն պահուն, երբ Միացեալ Նահանգներու եւ Ճափոնի միջեւ գոյութիւն ունեցող դաշինքը աշխատանք կը տանի Հնդկաց եւ Խաղաղական ովկիանոսներու շրջանին մէջ բարգաւաճման տարածման վրայ, բուռն կերպով կ՛ընդդիմանանք որեւէ արարքի, որ այդտեղ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կ՛ականահարէ», ըսաւ դեսպանը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա «անհիմն» որակեց Փութինի Քուրիլեան կղզիներ այցելութեան դէմ ուղղուած Թոքիոյի քննադատութիւնները:
Զախարովա հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Կտրուկ կերպով կը մերժենք այս յայտարարութիւնները, զորս քաղաքականապէս անյարմար, վարկաբեկիչ եւ անշուշտ իրաւական գետնի վրայ անհիմն կը նկատենք»:
Ան ըսաւ, որ ճափոնական դիրքորոշումը կ՛արտացոլէ «հակառուսական քաղաքականութիւն մը, որ թշնամանքի մօտ է»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշեց, որ Քուրիլեան կղզիներուն վրայ գերիշխանութիւնը «Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, դաշնակից ուժերու համաձայնութիւններուն եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան հիմամբ Ռուսիոյ փոխանցուեցաւ»` շեշտելով. «Այս կղզիներուն վրայ Ռուսիոյ գերիշխանութիւնը ոչ իսկ նուազագոյն կասկածի տակ է»:
Ան ըսաւ, որ ճափոնցի պատասխանատուները «ամբարտաւան կերպով իրենք իրենց իրաւունք կու տան Ռուսիոյ նախագահին թելադրելու, թէ իր երկրին ո՛ր շրջանները կրնայ այցելել, իսկ ո՛ր շրջանները` ոչ»:
Զախարովա նաեւ քննադատեց Քիեւի նկատմամբ Թոքիոյի ցուցաբերած աջակցութիւնն ու Մոսկուայի դէմ, արեւմտեան պետութիւններուն նման, պատժամիջոցներու հաստատումը: