Պատմութեան առաջին եւ միակ անձը, որ կրցած է ձայնի արագութենէն աւելի արագ երթալով խզել «ձայնի պատ»-ը, այսօր առիթ մը եւս ունի բարելաւելու իր մրցանիշը:
20 տարի առաջ բրիտանացի վարորդ Էնտի Կրին ցամաքի արագութեան մրցանիշ արձանագրած էր մազութով բանող ինքնաշարժով հասնելով 563,4 քմ ժամանակ արագութեան, Եութայի հռչակաւոր Պոնվիլ Սոլթ Ֆլաթսի մէջ:
Կրին այս անգամ պիտի վերադառնայ ջրածինով (հիտրոժին) բանող ինքնաշարժով, որ Կրինի կարծիքով «ապագայի վառելանիւթն է»:
Կրին պիտի վարէ իր 975 սմ «Ճէյ. Սի. Պի. Հայտրոմեքս»-ը որ կը նմանի մատիտի:
Այս «արագ» մատիտը 1600 ձիի ուժ ունի, եւ Կրին յոյս ունի, որ բարելաւէ մազութով բանող ինքնաշարժի արագութեան մրցանիշը (563,4 քմ/ժամ)` մաղթելով, որ դիւրաւ կը բարելաւէ ջրածինով բանող ինքնաշարժի մրցանիշը (298,5 քմ/ժամ) եւ ելեկտրական ինքնաշարժներու մրցանիշը (549,2 քմ/ժամ):
Կրին փորձ մը կատարած էր եւ հասած 592,797 քմ ժամական, բայց պաշտօնական մրցանիշի ներկայացուցիչներ չկային հաստատելու այդ իրագործումը:
Կրին նախապէս պատերազմական օդանաւի վարորդ էր, երբ թերթի մէջ ծանուցում մը տեսած էր, թէ կը փնտռէին ձայնէն արագ ինքնաշարժ վարող անձ մը: 1997-ին ան զոյգ ճեթ մեքենաներով կրցած էր հասնիլ 1,227.98 քմ ժամական Նեւատայի մէջ:
Այժմ Կրին 64 տարեկան է: Ան կը կարծէր, թէ մրցումներու պիտի չմասնակցի այլեւս, երբ վերջերս «Ճէյ. Սի. Պի.» ընկերութիւնը կապ հաստատեց հետը` նոր ձեւի մրցումի մը գծով:
Կրին առաւօտեան կանուխ ժամերուն պիտի կատարէ իր մրցանիշի փորձը` անապատի տաքը չսկսած:
Տարի մը առաջ, վարորդ մը մահացած էր մրցանիշի փորձի պահուն: Քրիս Ռաշքէ իր հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած էր «Սփիտ Տեմոն» կոչուած ինքնաշարժին վրայ անցեալ տարուան օգոստոսին եւ աւելի ուշ մահացած էր արկածէն ետք ծանր վէրքեր ստանալուն պատճառով: